Կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Էլի Մալեան, պետական երեսփոխաններ, նախարարներ, հոգեւորականներ, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու քողազերծուեցաւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի արձանը եւ ապա կատարուեցաւ անոր օծումն ու օրհնութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու միաբանութենէն եղբ. Գրիգոր Պոյաճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ծրագրուած` երանելի նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի անուամբ կառուցուած շքեղ ամփիթատրոնի բացման հանդիսութիւնը կ՛անմահացնէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին օսմանեան եաթաղանին տակ անշնչացած Զմմառու միաբան հայրերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներն ու հաւատքի համար ինկած մարտիրոսներն ու սուրբերը:
Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակին եւ անոր հետեւանքով կատարուած գաղթին` ան յայտարարեց, որ հայ ժողովուրդը իր պապերուն անմար հաւատքին զօրութեամբ կը կերտէ համազգային նորանոր յաղթանակներ: Գ. Պոյաճեան եզրափակեց խօսքը Իգնատիոս արք. Մալոյեանի քաջալերական թելադրանքով. «Կու գանք յորդորելու` ամուր պահելու ձեր հաւատքը եւ հաստատելու ձեր յոյսը Պետրոսի վէմին վրայ բարձրացած խաչին նկատմամբ: Վէմը, որուն վրայ Յիսուս Քրիստոս հիմնեց իր անմար եւ հաստատ եկեղեցին»:
Նոյն բովանդակութեամբ արաբերէն բացման խօսք արտասանեց եղբ. Կարօ Գլնճեան:
Ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի. ներկայացուեցան «Սուրբերու աչքեր» եւ «Պէտք ունինք քեզի» երգերը: Իսկ «Էն. Տի. Եու» համալսարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ հայր Խալիլ Ռահմէի, ներկայացուց «Ռուհմաքա իլահի» եւ «Քատիշա» շարականները:
Օրուան հանդիսավարն էր Անի Եփրեմեան:
Հանդիսութեան պատգամը հայերէնով եւ արաբերէնով տուին Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, որոնք ողջունեցին ներկաները ամփիթատրոնի բացման առիթով, որ կ՛անմահացնէ յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան 15 նահատակ միաբաններուն եւ յատկապէս երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանին, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս քահանայապետին կողմէ 7 հոկտեմբեր 2001-ին «երանելի» հռչակուած է:
Անոնք յայտնեցին, որ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը, առաջնորդութեամբ եւ օրհնութեամբ ամենապատիւ կաթողիկոս պատրիարքներուն, ամէն ջանք կը թափէ երանելի Մալոյեանի սրբադասման դատը օր առաջ իրականացնելու եւ 14 նահատակ միաբանները երանացնելու` Զմմառու վանքի արխիւներէն տեղեկութիւններ հաւաքելով եւ ներկայացնելով Վատիկանի սրբադասման ատեանին: Անոնք նկատել տուին, որ վերջերս Վատիկանի բացած արխիւներէն ի յայտ եկած է, թէ 1915-ին Հայոց եղեռնի օրերուն, Պենետիկտոս ԺԵ. սրբազան քահանայապետը անձամբ միջամտած է Մոհամետ սուլթանին մօտ, բայց պապին բողոքը անպատասխան մնացած է: Վատիկանի արխիւներուն համաձայն, այն օրերու Կ. Պոլսոյ պապական նուիրակը եւս տեղեկութիւններ հաւաքած է հայ եպիսկոպոսներէն` ֆրանչիսկեան, տոմինիկեան եւ յիսուսեան միսիոնարներէն, որոնք ականատես եւ ականջալուր եղած են այդ արհաւիրքներուն: Դիւանային նիւթեր եւ արխիւային փաստաթուղթեր ապացուցած են, թէ զմմառեան առաքեալ վարդապետները, որոնք այդ ատեն կը պաշտօնավարէին Օսմանեան կայսրութեան զանազան քաղաքներուն մէջ, ենթարկուած են նաեւ տարագրութեան, կոտորածի եւ աքսորի: Միաբան հայրերը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հերոսաբար իրենց արիւնը թափած են վասն կրօնի ու հայրենեաց եւ արժանացած նահատակութեան պսակին: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը եւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը անձամբ այցելած են մայր Հայաստան եւ դատապարտած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, որ մինչեւ օրս չէ ճանչցուած թուրք պետութեան կողմէ:
Անոնք նշեցին, որ մայրիներու երկրին մէջ 1749-ին հիմնուած Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը կը հանդիսանայ համայն հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան առաջին փարոսը` ի սպաս քրիստոնեայ կրօնին պահպանման եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի ծաղկման:
Աւարտին անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ յատկապէս երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. եւ այժմու գահակալ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքներուն, որոնք իրենց հայրական քաջալերանքով նպաստած են ամփիթատրոնի ծրագիրի իրագործման եւ կառուցման:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ղազար վրդ. Պետրոսեան` մեկնաբանելով «Տըլէ եաման» երգը, տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ան խօսքին սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց սոյն հանդիսութեան իր մասնակցութեան համար եւ երանելի Մալոյեանի բարեխօսութեամբ Աստուծմէ խնդրեց, որ զմմառեան պատմական կառոյցին պարգեւէ բարիք, բարգաւաճում եւ զարգացում:
Պշարա Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ 2015-ին մէկուկէս միլիոն հայ, ինչպէս նաեւ ասորի եւ քաղդէացի նահատակներուն արիւնը դարձաւ քրիստոնէական սերմ, որով բոլոր եկեղեցիները իրենց մնացորդացներով կրկին աճեցան, մեծցան ու տարածուեցան աշխարհով մէկ` պահելով իրենց միասնակամութիւնը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Մարոնիներու պատրիարքը անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան ըսաւ, թէ քրիստոնեաները, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, կ՛ապրին տարբեր տեսակի ցեղասպանութիւններ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու բարբարոսութիւններուն եւ մեծ պետութիւններու շրջանային շահերուն պատճառով, ապա հաստատեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիները հաստատուն պիտի մնան, կրկին պիտի աճին ու մեծնան իրենց նահատակներուն արիւնով, որ շաղախուած է Յիսուսի արեամբ ու անոր յարութեան ուժով:
Ան ըսաւ. «Մենք` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս, կը նկատենք, որ մեր ներկայութիւնը Արեւելքի մէջ խիստ կենսական է: Քրիստոնէութիւնը իսլամութենէն 600 տարի առաջ իր մտաւոր, աստուածաբանական եւ քաղաքակրթական բեղուն գործունէութեամբ, արաբական Արեւելքը հարստացուց մարդկային, մշակութային, պատմական եւ գիտական ուշագրաւ ձեռքբերումներով, միաժամանակ կամուրջ դարձաւ Արեւմուտքին հետ` պահելով մշակութային եւ գիտական առողջ յարաբերութիւն: Փոխադարձաբար կը նկատենք, որ իսլամութիւնը իր հարուստ ու բազմաբնոյթ արժէքներով անհրաժեշտութիւն է արաբական աշխարհին համար, պայմանաւ որ կասեցնէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Աստուծոյ եւ իսլամութեան անունով բռնութեան գործադրութիւնը: Մենք եւ իսլամները հրաւիրուած ենք պահելու Արեւելքի արաբական գեղեցիկ դիմագիծը` զանց առնելով կրօնական, դաւանական, լեզուական, ցեղային բոլոր տարբերութիւնները»:
Ան ըսաւ, թէ հայերը եւ քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ կառչած կը մնան խաղաղ համակեցութեան սկզբունքին, մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան գծով միշտ դրական դեր կ՛ունենան պետութեան մը մէջ, որ կը պատկանի արաբական ընտանիքին եւ կը պահէ հաւասարակշռութիւնը բոլոր պետութիւններուն հետ, կ՛աշխատի խաղաղութեան, արդարութեան եւ ներքին միասնակամութեան իրականացման համար:
Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ, որոնք այս երկրի պաշտպանը կը հանդիսանան, երանելի Մալոյեանի արձանին առջեւէն կը պահանջենք կուսակցութիւններէն եւ քաղաքական խմբաւորումներէն օր առաջ ընտրել Լիբանանի նախագահ», ապա եզրափակեց. «Մեր աչքերը, միտքն ու սրտերը կը վերցնենք դէպի երկինք եւ կը խնդրենք նահատակ սուրբերէն, որ ամրացնեն Արեւելքի քրիստոնեաներուն կամքը եւ ուժ տան դիմակայելու չարին` Յիսուսի խաչին զօրութեամբ եւ յարութեամբ»:
Հանդիսութեան ընթացքին «Կռունկ» երգչախումբը ներկայացուց «Ով հայոց աշխարհ» երգը, Ճոնի Քոքեճեան մեկնաբանեց «Օգնենք բարեկամներ», Կրէյս Մտաուար` «Աթինի աննայա ուա ղաննի» եւ «Եա պանի ումմի» երգերը, իսկ «Էն. Տի. Եու» երգչախումբը` «Եա ղզէյէլ» երգը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Խօսքին մէջ ըսուած էր. «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման հանդիսութիւնը սովորական ձեռնարկ մը պէտք չէ դառնայ: Այս ձեռնարկը կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ մեր շրջապատին, թէ 1915-ին ցեղասպան թուրքը այս ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն ծրագրեց ու գործադրեց: Ցեղասպանը խտրութիւն չդրաւ հոգեւորականի, թէ աշխարհականի, այրի թէ կնոջ, մեծին թէ փոքրին միջեւ: Հարիւրաւոր հոգեւորականներուն կողքին նահատակուեցաւ նաեւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան:
Ցեղասպանութենէն ետք անհայրենիք ու անտուն դարձած եւ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ ժողովուրդը հաւատարիմ մնաց իր նահատակներու նուիրական կտակին, չմոռցաւ իր իրաւունքներու ձեռքբերումը` զայն վերածելով ամէնօրեայ տագնապի ու պայքարի:
«Անցնող 100 տարիներուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար դարձաւ առաջնահերթութիւն: Միասնական ոգիով, խոր հաւատքով եւ ամուր վճռակամութեամբ հետապնդեցինք մեր դատը` արդարութիւն պահանջելով: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ոսկիէ շղթային վերջին օղակը հանդիսացաւ յանդուգն ոգիով, քաջ կեցուածքով եւ խոր համոզումով Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութիւնը Վատիկանի ու Երեւանի մէջ:
«Արդարութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ իրաւունք, հետեւաբար ոչ ոք իրաւունք ունի զայն խլելու իր նմանէն: Անարդարութիւնը մեղանչում է Աստուծոյ նկատմամբ, իսկ արդարութեան համար պայքարիլը աշխարհի բոլոր կրօններուն համար հիմնական առաջնահերթութիւն: Հայ ժողովուրդը կոչուած է վերանորոգ հաւատքով ու ամուր յանձնառութեամբ շարունակելու իր պայքարը յանուն արդարութեան:
«2015-ին, իբրեւ մէկ ազգ նշեցինք 100-ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան: Յիշելը, յիշեցնելն ու պահանջելը դարձնելով մեր մտածումներուն ու աշխատանքներուն մղիչ ուժը: Ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու հաւաքական սրբադասումը եւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի «երանելի» հռչակուիլը մեր քրիստոնէական հաւատքը աւելի պիտի ամրացնեն ու նահատակներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը աւելի խորացնեն:
Սրբացած եւ երանացած նահատակներուն արիւնը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնան աղբիւր հոգեւոր վերանորգութեան ու ազգային վերազարթօնքին»:
Ելոյթ ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հիմնուած է առաքեալներուն եւ նահատակներուն արեան ու վկայութեան վրայ: Եկեղեցին առանց նահատակներու եւ անոնց վկայութեան եկեղեցի չի նկատուիր: «Մեր նահատակները մեր հաւատքի հայրերն են, մեր նահատակները մեր առաջնորդներն ու ուսուցիչներն են հաւատքի ճամբուն վրայ: Մենք հպարտ ենք մեր նահատակներով եւ անոնց յիշատակը հոգեւոր տօն է մեզի համար»:
Լահհամ պատրիարքը իր խօսքին մէջ յիշելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները ըսաւ, թէ անոնք հպարտութեան պսակ են հայ եկեղեցւոյ համար: Ան նշեց, թէ պէտք չէ վախնալ նահատակութենէն, պէտք է կրթուիլ ու կրթել գալիք սերունդները նահատակութեան եւ վկայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ:
Վկայութիւնը հաւատքի մասնակցութիւն է, իսկ խաղաղ համակեցութիւնը լիբանանեան քրիստոնէական-իսլամական պատգամ է ուղղուած աշխարհին, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներուն կատարած վայրագութիւններն ու արիւնահեղութիւնը կ՛ահաբեկեն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բոլոր ժողովուրդները, կը վտանգեն խաղաղ համակեցութեան արժէքներն ու սկզբունքները եւ կը սպառնան ապագայ սերունդներու բարօր կեանքի ապահովման:
Լահհամ պատրիարքը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշակատութիւնը առիթ է բոլորին հաստատելու, որ սէրը ընկերութեան մէջ պէտք է ըլլայ աւելի զօրաւոր, քան չարն ու ատելութիւնը: Քրիստոնէական հաւատքը հիմնուած է սիրոյ վրայ: Սէրը մեծագոյն վկայութիւնն է: Այսպէս է Յիսուսի վկայութիւնը: Եթէ սիրեցիր, ուրեմն դուն վկայ ես ու նահատակ, դուն յարութեան զաւակն ես»:
Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա: Ան իր խօսքին սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու այն վայրին մէջ, ուր չորս տարի առաջ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը գտնուած է: Ապա Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման հանդիսութեան առիթով ըսաւ, թէ երանելիին արձանը կը խորհրդանշէ ժողովուրդ մը, զոր փորձեցին զգետնել, բայց չյաջողեցան, որովհետեւ հոգին կարելի չէ սպաննել, հայ ժողովուրդին հոգին սերտօրէն կապուած է գիրքին, գրականութեան, մշակոյթին, արուեստին եւ երաժշտութեան հետ, իսկ խաչքարը, որ ճամբան է դէպի երկնային երանութիւն, կը խորհրդանշէ նաեւ նահատակները, որոնք դէպի երկինք սլացան:
Պապական նուիրակը իր խօսքին մէջ յիշելով Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ըսաւ, թէ Հայոց եղեռնը համաքրիստոնէական ողբերգութիւն մըն է, որ խտրութիւն չդրաւ հայ ժողովուրդի դաւանանքներուն միջեւ: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ քրիստոնէական հաւատքին մէջ միութիւն մը կայ, դաւանանքներէն անդին գացող միութիւն մը:
Գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Երբ քրիստոնեայ մը կը տառապի, բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները կը տառապին անոր հետ, եւ ամէն անգամ, որ քրիստոնեայ մը ուրախութեան մէջ է, այդ ուրախութիւնն ալ կը բաժնուի բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ: Սորվինք պաշտպանել մեր հաւատքը յարութեան խորհուրդով, եւ իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր քալենք միասին դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն»:
Ղազար վրդ. Պետրոսեան մեկնաբանեց «Panis Angelicus» երգը:
Ապա հանդիսութեան իր պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հանդիսաւոր համախմբումը կազմակերպուած է մեծարանքի եւ երախտագիտութեան տուրք տալու հերոս նահատակներէն քաջ հովիւին, տիպար եկեղեցականին, որ իր կեանքով ու մահուամբ տուաւ վկայութիւնը իր սիրոյն ու անսասան հաւատքին այն Տիրոջ հանդէպ, որուն ուխտած էր իր կեանքը նուիրել մատղաշ տարիքին եւ հաւատարիմ մնացած Անոր ի գին իր արեան հեղումին: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց, որ Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութիւնը նուիրական պարտականութիւն զգացած է ձեռնարկելու յուշակոթողի կառուցման ու նուիրման իր ծոցէն ելած ամէնէն արժէքաւոր անդամներէն մէկուն` երանելի Ինքնատիոս արք. Մալոյեանին, որ հեռու ապրելով հանդերձ իր սիրած ու գուրգուրացած վանքէն` միշտ կապուած մնացած է անոր եւ հլու-հպատակ` իր մեծաւորներուն:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Երանելի Մալոյեան երկինքէն թող հաճի ընդունիլ եւ օրհնել այս կառոյցը, որ կը միտի ո՛չ միայն իր յիշատակը յաւերժացնել, այլ մանաւանդ ըլլալ կենդանի հրաւէր մը բոլորիս, կղեր թէ հաւատացեալ, մեր վկայութիւնը տալու աշխարհին ի նմանութիւն Ս. Պօղոսի»:
Ան հաստատեց, որ նորակառոյց ամփիթատրոնը երբեք պիտի չըլլայ թատերաբեմը գազաններու կեր դարձած քրիստոնեաներուն, ո՛չ ալ անապատներուն մէջ դէպի մահ քաշկռտուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն, այլ պիտի ըլլայ սրբավայրը, որ դարաւոր վանքի կողքին կը հրաւիրէ բոլորը հաւաքական պաշտամունքը կատարելու գէթ ծիսական յատկանշական տօներուն: «Կը յորդորենք մեր Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վարչական մարմինը, մեր կղերն ու հաւատացեալները, որ արդարացնեն ու արժեւորեն այս գեղեցիկ կառոյցին գոյութիւնը` իրենց հաւատքին վկայութիւնը տալով այստեղ, ըսաւ հոգեւոր տէրը եւ եզրափակեց. «Կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ իր նահատակ երանելի Մալոյեանի բարեխօսութեամբ հրաշքներ կատարէ, որ օր առաջ երանելին արժանանայ սուրբերու պսակին եւ դասուի սուրբերու շարքին մէջ` ընդհանրական եկեղեցւոյ գերագոյն պետին կողմէ: Կ՛օրհնենք եւ կ՛օծենք այս նոր սրբավայրին խորանը, ինչպէս նաեւ անոր վերեւ կանգնած մեզ օրհնող Մալոյեանի արձանը եւ կը մաղթենք, որ ան դառնայ ներշնչումի աղբիւր մեր բոլորին համար` քրիստոնէական հաւատքի եւ արիութեան մէկական վկաները դառնալու համար»:
«Կռունկ» եւ «Էն. Տի. Եու.» երգչախումբերը միասնաբար մեկնաբանեցին «Թուպաուիոն մին շարքինա» եւ «Կիլիկիա» երգերը:
Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան:
Իր խօսքի սկիզբը ան ըսաւ, թէ որեւէ գործի յաջողութիւն չ՛իրականանար առանց հաւաքական աշխատանքի, ապա յայտնեց, որ ամփիթատրոնի կառուցումը, որ նպատակ ունի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնել սրտի, խղճի եւ էութեան մէջ, կու գայ հաստատելու, որ միաբանութիւնը կառչած պիտի մնայ հիւրընկալ Լիբանանի սուրբ հողին: Միաբանութիւնը իր բոլոր կառոյցներով պիտի շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային պայծառացումը:
Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Զմմառու միաբանութեան տուաւ կարողութիւն եւ յարատեւութիւն` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց Զմմառու Տիրամօր, որուն շուրջ կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր միաբանի կեանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նահատակներուն ու մանաւանդ միաբանութեան նահատակներուն, գլխաւորութեամբ` երանելի Մալոյեանին, առանց որոնց վկայութեան այսօր ներկայ չէինք ըլլար:
Ան իր աղօթքով յիշեց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ մեծապէս քաջալերած է այս ծրագիրի իրականացումը:
Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ բոլոր հոգեւոր հայրերուն, որոնք իրենց խօսքերով եւ ներկայութեամբ մասնակցեցան հանդիսութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետական, զինուորական, նախարարական, երեսփոխանական, լիբանանեան եւ հայ կուսակցութիւններուն բոլոր ներկայացուցիչներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, բոլոր հիւրերուն եւ ներկաներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան ամփիթատրոնի կառուցման եւ հանդիսութեան կազմակերպման աշխատանքներուն:
Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան յուշանուէրներով պատուեց երանելի Մալոյեանի արձանին քանդակագործը` Րաֆֆի Ետալեանը, ամփիթատրոնի ընդանուր ճարտարապետը` Անթուան Ալամը, նուիրատուն` Անտրէ Էլիովիցը եւ երանելի Մալոյեանի արձանը նուիրողը` Վարուժ Ներկիզեանը:
Իսկ հանդիսութեան աւարտին հոգեւոր հայրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի գիրքէն օրինակներ: