Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ոստիկանութեան մէջ ընթացող ծառայողական քննութիւններուն հետեւանքով, ոստիկանութեան պետի հրամաններով, ոստիկանութեան քանի մը ծառայողներ, որոնց կարգին` ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Աշոտ Կարապետեան, ենթարկուած են կարգապահական հաշուետուութեան:
Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով, Աշոտ Կարապետեան զերծ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Անոր փոխարէն նշանակուած է Շիրակի մարզի ոստիկանապետ Սարգիս Մարտիրոսեան:
Սարգիս Մարտիրոսեան 2015-2016-ին եղած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետի գործադիր տեղակալ, իսկ ոստիկանութեան պետի 2 մարտ 2016-ի հրամանով նշանակուած էր ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան պետ: