4 օգոստոսին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան ճամբարի բացման արարողութիւնը: Անիկա ընթացք առած էր 1 օգոստոսին` 150 պատանիներու մասնակցութեամբ:
ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուող երկրորդ պատանեկան ճամբարն է այս մէկը, առաջինը կազմակերպուած է Ասկերան քաղաքին մէջ:
Ճամբարի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ ողջունելով ճամբարի կազմակերպիչները, նշեց, թէ նման ճամբարներ կարեւոր են թէ՛ Արցախի պատանիներուն, եւ թէ՛ սփիւռքէն եկած երիտասարդներուն համար:
«Ճամբարը կարելիութիւն կու տայ Շուշիի պատանիներուն յարաբերելու սփիւռքահայ ճամբարականներուն հետ եւ ընկերական կապեր հաստատելու անոնց հետ: Այսուհետեւ ձեր կապը սփիւռքի այս երիտասարդներուն հետ անքակտելի պիտի ըլլայ», շեշտեց ան: