Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկիզբ Առին «Իմ Հայաստան» Համահայկական 3-րդ Փառատօնի Երգչախմբային Արուեստի Օրերը

Օգոստոս 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի
Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

5 օգոստոսին Արամ Խաչատրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի` երգչախմբային արուեստի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Ռուսիոյ, Վրաստանի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Էսթոնիոյ, Սուրիոյ, Իրանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի երգչախումբերը:

Նախ բեմահարթակը տրամադրուեցաւ Ռուսիոյ «Շողեր» երգչախումբին, որուն յաջորդեցին Վրաստանի «Ներսէս Շնորհալի», Արթիկի մանկական, Լիբանանի «Այգ» երիտասարդական, Արցախի «Վարանդա», Եգիպտոսի «Արաքս», Էսթոնիոյ «Երազանք», Սուրիոյ  «Ովսաննա», Իրանի «Տաթեւ», Վանաձորի սենեկային երգչախումբերու, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զօրական» համոյթի  ելոյթները:

Համերգային ծրագիրը իր ելոյթով եզրափակեց Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը: Գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի խմբավարութեամբ կատարուեցաւ Կոմիտասի  «Կալի երգը», որմէ ետք բեմ բարձրացան ձեռնարկին մասնակից բոլոր երգչախումբերը եւ միասին կատարեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» երգը:

ayk-2_80716

Համերգի աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով մասնակիցները ողջունեց ու բարի երթ մաղթեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ,  կ՛ողջունենք ձեզ հայրենիքի մէջ: Ուրախ ենք ձեր աչքերուն մէջ տեսնելու այսքան մեծ ոգեւորութիւն, բարո՛վ եկած էք: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած փառատօնը հայրենիքի մէջ նոր ուժ եւ հոգեւոր սնունդ ստանալու կարելիութիւն կու տայ ձեզի: Հայաստանի մէջ ձեր ելոյթները ոչ միայն տաղանդն ու գիտելիքները ներկայացնելու, լայն ճանաչում ձեռք բերելու, իրարու հետ աւելի սերտօրէն յարաբերելու կարելիութիւն են, այլեւ`  կատարած հայրենանուէր աշխատանքի իւրօրինակ հաշուետուութիւն»:

Երգչախմբային արուեստի օրերը տեղի կ՛ունենան 5-էն 10 օգոստոսին` Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ:

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Որոշումով Ընթացակարգ Սկսած Է Արմէն Մարտիրոսեանի Եւ Դաւիթ Սանասարեանի Հարցով

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 330 Կրակոց

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?