Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնանկութիւններ Ու Պաշտօնէ Հրաժարումներ` Հայաստանի Մէջ

August 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gosdanyan_80416

4 օգոստոսին տարբեր մակարդակներու վրայ պաշտօնանկութիւններու եւ պաշտօնէ հրաժարումներու մասին լուրեր հրապարակուեցան:

Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան առողջական խնդիրներու պատճառով դիմած է Հայաստանի նախագահին` խնդրելով ընդունիլ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի պաշտօնէն զերծ կացուցուելու վերաբերեալ իր դիմումը:

4 օգոստոսին Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է գլխաւոր դատախազի մամլոյ քարտուղար Քրիստինէ Մելքոնեան.

«Յարգելի՛ գործընկերներ, կը տեղեկացնեմ, որ այսօր Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է աշխատակազմի նիստ, որ վարած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը: Հայաստանի գլխաւոր դատախազը աշխատակազմի անդամներուն տեղեկացուցած է, որ առողջական խնդիրներու պատճառով դիմած է Հայաստանի նախագահին` խնդրելով ընդունիլ գլխաւոր դատախազի պաշտօնէն ազատ կացուցուելու վերաբերեալ իր դիմումը: Գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան նաեւ տեղեկացուց, որ նախագահին կողմէ դիմումը ընդունուած է եւ ինքը 4 օգոստոս 2016-էն սկսեալ վար կը դնէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի իր լիազօրութիւնները»:

Նոյն օրը հրապարակուած հրամանագիրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հրանդ Եպիսկոպոսեանը ազատ կացուցած է կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի առաջին տեղակալի պաշտօնէն: Հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 5-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ  ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 18-րդ յօդուածի 2-րդ մասը` կ՛որոշեմ Հրանդ Եպիսկոպոսեանը ազատ կացուցել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի առաջին տեղակալի պաշտօնէն»:

Նախագահ Սարգսեանի այլ հրամանագիրով մը, այդ պաշտօնին վրայ նշանակուած է Կարապետ Դաւթեան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետ Մնացական Մարուքեան եւս ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Այս մասին յայտնած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ կեդրոնի պետ Սամսոն Գալստեանը` նշելով, որ Մնացական Մարուքեան թոշակի անցած է:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետ նշանակուած է վարչութեան պետի առաջին տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան:

Այլ տեղեկատուութեամբ մը ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի 4 օգոստոսի հրամանով պաշտօնէ արձակուած է ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինի ղեկավար Արմէն Վաթեանը: Ոստիկանութիւնը տեղեկութիւն չէ հաղորդած պաշտօնանկութեան պատճառներուն մասին:

Նախորդը

Հաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Բերման Ենթարկուած Է 20 Քաղաքացի

Յաջորդը

Ակնարկ. Փոփոխութեան Զուգահեռ` Հակառակ Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.