Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառի Մէջ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Նուիրուած Ամփիթատրոնի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Օգոստոս 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zmmar_80716

Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Էլի Մալեան, պետական երեսփոխաններ, նախարարներ, հոգեւորականներ, միութիւներու, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու քողազերծուեցաւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի արձանը եւ ապա կատարուեցաւ անոր օծումն ու օրհնութիւնը:

Պաշտօնապէս ելոյթ ունեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան,  Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:

«Կռունկ» պատրիարքական եւ  «Էն.Տի.Եու» համալսարանի երգչախումբերը  հայերէն եւ արաբերէն երգերով ու շարականներով  մասնակցեցան յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին: Իսկ հանդիսութեան աւարտին հոգեւոր հայրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի գիրքէն օրինակներ:

Յաջորդիւ ամբողջութեամբ լոյս կ՛ընծայենք պաշտօնական հանդիսութեան թղթակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռիօ-2016-ի Ողիմպիական Խաղեր. Լիբանան Մեծ Նուաճում Մը Արձանագրեց Իսրայէլի Դէմ` Նախքան Պաշտօնական Բացումը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?