Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Չի Կրնար Անմասն Մնալ Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Գործադրուող Յարձակումներու Ի Տես»
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 31 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին իր արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Հայաստան մտադիր է հետեւողական կերպով աշխատիլ` իր պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ եւ շարունակել փնտռել խաղաղ լուծում, որ ամէն բանէ առաջ հիմնուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` սեփական ճակատագիրը տնօրինելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքին վրայ: «Համարկումի միաւորումները յաջող ընթացքի մէջ...




















