Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ոստիկանական Համակարգին Մէջ Պատժական Տնօրինումները Կը Շարունակուին. Երաժիշտ Եղիշէ Պետրոսեան Ազատ Արձակուած Է

August 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

eghishe-petrosyan_80516

Զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կասկածով ձերբակալուած երաժիշտ Եղիշէ Պետրոսեանը ազատ արձակուած է: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած է փաստաբան Լուսինէ Սահակեան:

Եղիշէ Պետորսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է անոր արարքին մէջ յանցանքի չգոյութեան պատճառով:

«Արձագանգ» սթիւտիոյի հիմնադիր Եղիշէ Պետրոսեան 30 յուլիսին ձերբակալուած էր զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կասկածով, անոր առողջական վիճակը վատթարացած էր եւ «Աստղիկ»  բժշկական կեդրոնին մէջ կը գտնուէր ոստիկաններու հսկողութեան տակ:

Յիշեցնենք, որ Եղիշէ Պետրոսեան «Սասնայ ծռեր»-ուն աջակցող «Հակաճգնաժամային նախաձեռնող խորհուրդ»-ի անդամ է, աշխուժ կերպով կը մասնակցէր վերջին օրերու բողոքի ցոյցերուն:

Արման Թաթոյեան Հանդիպում Ունեցած Է
«
Հիումըն Ռայթս Ուոչ»-Ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Tatoyan_80516

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան աշխատանքային քննարկում ունեցած է «Հիումըն ռայթզ ուոչ»  միջազգային կազմակերպութեան փոխտնօրէն, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով ղեկավարի տեղակալ Ճէյն Պիւքենենի եւ նոյն կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի գծով տնօրէն Կիորկի Կոկիայի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուած խախտումներու, քաղաքացիներու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մասին տեղեկութիւններու հիման վրայ մանրամասն եւ հաշուետու քննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Ճէյն Պիւքենենին եւ Կիորկի Կոկիային տեղեկացուցած է, որ արդէն իսկ համապատասխան նիւթեր ուղարկած է քրէական հետապնդման մարմիններուն` քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով նախատեսուած ընթացակարգի ծիրին մէջ զանոնք քննարկելու նպատակով:

Քննարկուած են նաեւ ատելութեան խօսքի դէմ պայքարի ուղղութեամբ միջոցներու ձեռնարկելու, այդ ուղղութեամբ միացեալ նախաձեռնութիւններ կատարելու կարելիութիւնները: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ներկայացուցած է բանտերուն մէջ մշտադիտարկման ուղղութեամբ իր եւ իր աշխատակազմին գործունէութիւնը` կալանաւորուած կամ ձերբակալուած անձերու կեցութեան պայմաններուն, անոնց իրաւունքներու ապահովման վիճակի ուսումնասիրութեան նպատակով:

«Հիումըն ռայթս ուոչ» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են Թաթոյեանի հետ հանդիպումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով հետագային եւս շարունակելու համագործակցութիւնը:

Երեւանի Ոստիկանապետը Խիստ Նկատողութիւն Ստացած Է,
Ներքին Զօրքերու Հրամանատարին Եղբօր
Լիազօրութիւնները Դադրեցուած Են

19 յուլիսին Երեւանի Խորենացի փողոցին մէջ եւ 29-30 յուլիսի գիշերը Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առիթով կատարուող ծառայողական քննութեան նախնական արդիւնքներուն հիման վրայ կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկուած են շարք մը ոստիկաններ:

yeg-3_80516

Ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ծառայողական պարտականութիւնները ոչ պատշաճ կատարելու` ենթակայ ուժերը հասարակական կարգի պահպանման ու հասարակական անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ճիշդ չտեղաբաշխելու, իրավիճակէն բխող պատշաճ քայլերու չձեռնարկելու, պահպանուող անվտանգութեան գօտի երթի մասնակիցներուն մուտքը ժամանակին չսահմանափակելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն ու լրագրողներուն նկատմամբ բռնութիւն կիրարկելու եւ լրագրողներու նկարահանման գործիքներուն վնաս հասցնելու դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ բաւարար միջոցներու չձեռնարկելու համար նկատողութիւն եւ խիստ նկատողութիւն տրուած է շարք մը ոստիկաններու: Անոնց կարգին են Երեւանի վարչութեան պետ, ոստիկանութեան հրամանատար  Աշոտ Կարապետեանը, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի հրամանատար, ոստիկանութեան գնդապետ Խաչատուր Աւետիսեանը, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի հրամանատարի տեղակալներ, ոստիկանութեան գնդապետներ Հրայր Հայրապետեանն ու Մկրտիչ Անտոնեանը, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի 3-րդ յատուկ գումարտակի հրամանատար, ոստիկանութեան հազարապետ Խաչատուր Յովակիմեանը եւ այլն:

«Բացի ատկէ, շարք մը ոստիկաններու լիազօրութիւնները կասեցուած են: Անոնց կարգին են ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարութեան գործադիր բաժինի պետի տեղակալ, գնդապետ Լեռնիկ Երանոսեանը (Ներքին զօրքերու հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի եղբայրը), Մաշտոցի բաժինի Դաւթաշէնի բաժանմունքի պետի տեղակալ, ոստիկանութեան հարիւրապետ Արմէն Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ: Յիշեալ անձերուն վերաբերեալ ծառայողական քննութեան նիւթերը ուղարկուած  են Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութիւն` անոնց արարքներուն քրէաիրաւական գնահատական տալու հարցը լուծելու նպատակով», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան
Քատրային Փոփոխութիւններ Կատարած Է

Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան տարբեր շրջաններու մէջ քատրային փոփոխութիւններ կատարելու առնչուող որոշումներ տուած է:

Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան համաձայն, Արմէն Իսրայէլեան ազատ կացուցուած է ոստիկանութեան Արագածոտնի մարզային վարչութեան պետի գործադիր տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուած ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինի պետ:

Ոստիկանապետի այլ հրամանով Արթուր Յովհաննիսեան նշանակուած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինի պետ` զերծ կացուցուելով ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժինի պետի պաշտօնէն:

Արմէն Գասպարեան նշանակուած է ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժինի պետ` ազատ կացուցուելով ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժինի պետի պաշտօնէն:

Գարիկ Ղուկասեան նշանակուած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժինի պետ` ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինի պետի պաշտօնէն զերծ կացուցուելով:

Արամ Յովհաննիսեան նշանակուած է ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինի պետ` դադրելով ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժինի պետի պաշտօնէն:

Հրաչ Խոստեղեան նշանակուած է ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժինի պետ` ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինի պետի պաշտօնին փոխարէն:

Մեծ Քանակութեամբ Զինամթերք`
Երեւանի Բնակարաններէն Մէկուն Մէջ

yeg-4_80516

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ապօրինի կերպով զինամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու փաստին ծիրին մէջ յարուցուած քրէական գործով կատարուող գործողութիւններուն եւ խուզարկութիւններուն շնորհիւ Երեւան քաղաքի բնակիչ Գ.Ս.-ի բնակարանին մէջ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք: Ձերբակալուած են երկու անձեր:

«Մասնաւորապէս, գրաւուած եւ փորձաքննութեան ուղարկուած են շուրջ 6 հազար փամփուշտ, 15 հատ նռնակ, նռնակի ճայթիչներ, պայթուցիկ նիւթեր, ազդանշանային հրթիռներ, ինքնաձիգի լիցքաւորուած փամփշտակալներ, հակահրասայլային ականանետ, ռատիոկապի միջոց, ականորսիչ եւ այլն», յայտնած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:

«Ստացուած դատավարական տուեալներուն համաձայն, յայտնաբերուած ռազմամթերքը կրնայ առնչութիւն ունենալ Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբի յանցաւոր գործունէութեան հետ: Նախաքննութեան ընթացքին կը ստուգուին ինչպէս այս, այնպէս ալ հաւանական այլ վարկածները», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Սասնայ Ծռեր»-Ու Քրէական Գործով
Կայ 44 Մեղադրեալ

Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը 15 օր գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի գործով, ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, մեղադրեալ նկատուած է 44 անձ, որոնցմէ 42-ը կալանաւորուած է:

Նշուած է նաեւ, որ երկու հոգի ալ կասկածելի են, սակայն անոնց անունները չեն յայտարարուած:

Անոնք կը մեղադրուին պատանդ վերցնելու, շէնք- շինութիւններ գրաւելու  եւ ապօրինի զէնք, զինամթերք պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յանցանքով: Այս գործով տուժող նկատուած է 19 անձ, որոնցմէ 10-ն իբրեւ պատանդ վերցուելու հանգամանքով:

«Սասնայ ծռեր»-ու գործով, ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, հիւանդանոցը կը գտնուի 3 հոգի: «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի Վերակենդանացման բաժանմունքի գիտական ղեկավար Յարութիւն Մանգոյեան յայտնած է, որ զինուած խումբի անդամներ Արմէն Լամբարեանի եւ Սեդրակ Նազարեանի առողջական վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ:

Մանգոյեան նշած է, որ հրազէնային վէրք ստացած Արմէն Լամբարեանի վրայ խոշտանգումի հետքեր չեն յայտնաբերուած:

 

Նախորդը

Ազգային Համաձայնական Կառավարութիւն Կազմելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Մեսսի Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Ազգային Խումբ

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.