Հայկազեան Համալսարան. «Մեն Փիքչըրզ»-ի «Փրկութեան Քարտէսը» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 14 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Ա.Պէ.Սէ.» Էշրեֆիէի շարժապատկերի ցուցադրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ ըսաւ, թէ վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ հինգ օտար կիներու մարդասիրական շարժումին մասին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման եւ բողոքի իբրեւ արդիւնք: Ան յայտնեց , թէ ժապաւէնը հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ,...




















