Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբերու Տագնապին Գծով Պատկերասփռուած Ելոյթով Կիտանեան Պարզեց ՀՅ Դաշնակցութեան Տեսակէտը

September 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

guidanian-jadeed_90416

Լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Ժորժ Սալիպի իր կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2016-ի «Ուսպուհ ֆի սաա» շաբաթական յայտագիրով արծարծեց աղբահաւաքման գծով լուծման քայլերու առկախման երեւոյթը` իր զանազան երեսներով: Այս առիթով Սալիպիի զրուցակից հիւրերն էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամ Սերժ Տաղեր եւ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի լրագրող Հապիպ Մաալուֆ: Յայտագիրին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Պատասխանելով Սալիպիի հարցումներուն` զրուցակիցները պարզեցին իրենց տեսակէտները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան լսելէ ետք Տաղերի, Մաալուֆի եւ Քանաանի տեսակէտները, մերթ ընդմիջելով, մերթ պարզաբանելով յստակացուց ՀՅԴ-ի կեցուածքը:

Ան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ կ՛ուզէ սրբագրել, թէ ո՛չ ոք արգիլեց աղբահաւաքման քայլերը, «մե՛նք փակեցինք աղբանոցը, որովհետեւ չուզեցինք աղբակոյտերու երկրորդ լեռ մը բարձրացնել Պուրճ Համուտի մէջ: Մենք 17 յուլիս 2015-ին Նաամէի թափօններու թաղման վայրին փակումէն ետք կտրուկ կերպով մերժեցինք աղբեր ընդունիլ Պուրճ Համուտի մէջ: Ութ ամիսներ ետք ընդունեցինք մաս կազմել այս լուծման, Պուրճ Համուտի մէջ ընդունելով միայն վնասազերծուած թափօններ, ինչ որ կը լուծէր աղբերու հարցը: Մենք անցնող 5-6 ամիսներուն զանազան հանդիպումներ ունեցանք վարչապետ Սալամին, Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդին եւ նախարար Շեհայէպին հետ եւ կրնամ ըսել` ամէնէն աւելի նախանձախնդիր էինք», շեշտեց Կիտանեան:

Միւս կողմէ, Կիտանեան յայտնեց, թէ «առաջին օրէն որ սկսաւ գործադրուիլ ծրագիրը, մենք պնդեցինք, որ պիտի հետեւինք եւ իրապէս մենք օրական հերթականութեամբ կը հետեւինք քայլերու գործադրութեան, յանձին մեր ներկայացուցիչներուն` վերահսկող մասնագէտ ընկերութեան մէջ»,  աւելցուց Կիտանեան:

Յայտագիրին ընթացքին Կիտանեան վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կառչած կը մնան աղբերու տագնապի լուծման գծով կառավարութեան որդեգրած ծրագիրին`  համաձայն գտնուելով որեւէ յաւելեալ քայլերու, որոնք կրնան բարեփոխել ծրագիրի կիրարկման հեզասահ ընթացքը:

 

Նախորդը

«Պիտի Չանտեսենք Որեւէ Դրական Առիթ` Ելեկտրականութեան Մարզի Զարգացման Համար» Յայտարարեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

Յաջորդը

Վարչամեքենայի Եւ Սահմանադրական Կառոյցներու Կազմալուծման Մտավախութիւններուն Լոյսին Տակ. Հայեացքները Սեւեռուած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Խմբագրական.  «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)

March 5, 2026
Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար.  «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար. «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.