Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Վարչապետը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Հայաստան

Սեպտեմբեր 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

montevideo_90516 (4)

Երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վրաստանի իր գործընկերը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հանդիպում` Նախագահ Սարգսեանի Հետ

montevideo_90516 (2)

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնած, որ անոր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան նոր խթան պիտի հանդիսանայ միջպետական յարաբերութիւններուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ անոր, լաւ կարելիութիւններ են կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ  քննարկելու հայ-վրացական օրակարգի հարցերը, նախանշելու փոխադարձ գործակցութեան նոր կարելիութիւններ: Ընդգծելով, որ Հայաստանը եւ Վրաստանը ոչ միայն բարեկամ պետութիւններ են, այլեւ երկու ժողովուրդները կապուած են պատմականօրէն ձեւաւորուած բազմադարեան եղբայրական յարաբերութիւններով, որոնց Հայաստանի մէջ հոգատարութեամբ կը վերաբերին, նախագահը նշած է, որ այդ յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է մշտապէս զարգացնել եւ ամրապնդել: Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան ներկայիս բարձր մակարդակը, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, թոյլ կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ աւելի խորացնելու` զանոնք հասցնելով որակապէս նոր մակարդակի:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի նշած է, որ ուրախ է բարեկամ երկրին մէջ գտնուելուն, որուն հետ Վրաստանի յարաբերութիւնները դարաւոր պատմութիւն ունին, եւ վրացի ժողովուրդն ու վրացական կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տան այդ յարաբերութիւններու զարգացման: Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի կարծիքով, երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ առկայ փոխըմբռնումը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներու համագործակցութեան աշխուժութիւնը  եւ առեւտրական ու տնտեսական կապերը շատ լաւ հիմք են աւելի ամրապնդելու յարաբերութիւնները` լիարժէքօրէն օգտագործելով առկայ  մեծ ներուժը:

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ամուր բարեկամական կապերը, վարչապետ Քվիրիքաշվիլիի խօսքերով, կարեւոր են ինչպէս Վրաստանի եւ Հայաստանի համար, այնպէս ալ, ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսանկիւնէն: Այս շրջագիծին մէջ Վրաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` երկկողմանի յարաբերութիւններու  զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրումին համար:

Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ  համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններն ու ներուժը:

 

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ. Նախատեսուածէն Աւելի Երկար Եւ «Շինիչ» Հանդիպում` Օպամայի Եւ Փութինի Միջեւ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Նուիրուած Մոնթեվիտէոյի Խորհրդաժողովին Ընթացքին Որդեգրուած Է Հռչակագիր Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?