Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Քննութիւններու Մասնակցելով` Աշակերտները Կրնան Ընդունուիլ Քեմպրիճ, Օքսֆորտ

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon-Mkrtchian_90616

«Արարատեան բակալաւրիատ» հայալեզու կրթական ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի (ԿԳԱԾ) ծիրին մէջ, աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ Հայաստանի մէջ յանձնել քննութիւն եւ անոնց արդիւնքներով այնուհետեւ ուսանիլ արտասահմանեան լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական կառոյցներուն մէջ:

Արեգ Կարապետեան մէկն է այն 35 աշակերտներէն, որոնք «Արարատեան բակալաւրիատ»  ծրագիրով յանձնած են միջազգայնօրէն ճանաչելի քննութիւնները, զորս կազմակերպած էր «Այբ» դպրոցը, որ յառաջիկային ծրագիրին ծիրը ընդարձակելով, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համադրաբար պիտի փորձէ այս դրութիւնը հասանելի դարձնել բոլոր աշակերտներուն համար:

Արեգ Կարապետեան նշած է, որ ինք յանձնած է քննութիւններուն մէկ մասը, քանի որ տակաւին 12-րդ դասարան է, սակայն գոհ չէ քննութեան արդիւնքներէն, այդ պատճառով ալ պիտի դիմէ երկրորդ փուլին եւս, որպէսզի կարենայ ուսման անհրաժեշտ նիշերը ապահովել: «Կ՛ուզեմ  ծրագրաւորման կամ ճարտարագիտական մարզերուն մէջ երկրէն դուրս  շարունակել ուսումս: Այս քննութեան դրական կողմը այն է, որ մենք այստեղ հայերէնով կու տանք միջազգայնօրէն ճանաչելի քննութիւն եւ յետոյ ազատօրէն կրնանք դուրսը այս կամ այն համալսարաններէն մէկուն մէջ սորվիլ: Քննութիւնները դիւրին չեն. եթէ հանրակրթական դպրոցին մէջ 1 քննութիւն կու տաս, այստեղ 1 դասանիւթի համար 4-5 քննութիւն կու տաս», յայտնած է Կարապետեան:

Ըստ անոր, թէեւ քննութիւնները դժուար են, սակայն անոնց պատրաստուելով, աշխարհայեացքդ կ՛ընդարձակուի, միեւնոյն նիւթին տարբեր տեսանկիւններէ մօտենալու կարելիութիւն կ՛ունենաս:

Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի տնօրէն Մեսրոպ քհնյ. Արամեան 6 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Արարատեան բակալաւրիատ» ծրագիրի միջազգային ճանաչման աշխատանքը իրականացուցած է Բրիտանիոյ ճանաչման եւ համեմատութեան ազգային գործակալութիւնը: Քննութիւններուն արդիւնքներով, ըստ տէր Մեսրոպի, Հայաստանի աշակերտները կարելիութիւն պիտի ունենան ուսանելու Քեմպրիճի եւ Օքսֆորտի մէջ:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կայ այլընտրանքային ծրագիր, որ բաւական բարձր մակարդակի է: «Երբ կ՛ըսենք, որ կրթական համակարգը պէտք է համապատասխանէ միջազգային որակին, կարեւոր է, որ ատիկա ձեւական չընենք, այլ ձեւաւորենք կրթական արդիւնք, որուն բոլոր փուլերը կարենանք մատուցել: Այսինքն` եթէ ունենայինք «Արարատեան բակալաւրիատ» ծրագիրը` առանց իրականացնող կրթական համակարգի մը, ինչ որ օղակ մը պիտի չաշխատէր», ըսած է նախարարը:

Ան նաեւ նշած է, որ շատերու մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, որ ասիկա ազնուականներու ծրագիր է, բայց այդպէս չէ, եւ նախարարութիւնը «Այբ»-ին հետ համադրաբար յառաջիկային ծրագիր պիտի մշակէ, որպէսզի դպրոցները ներկայանան «Արարատեան բակալաւրիատ»-ին: Մկրտչեան աւելցուցած է նաեւ, թէ յոյս ունի, որ 1-2 տարուան ընթացքին «Արարատեան բակալաւրիատ»-ը հասանելի կ՛ըլլայ Հայաստանի բոլոր մարզերու դպրոցներու աշակերտներուն:

Ըստ «Այբ»-ի տնօրէն Արամ Փախչանեանի, այս ծրագիրով յանձնուած քննութիւնները ո՛չ միայն կը փորձեն ստուգել երեխային գիտելիքները, այլ նաեւ ներդաշնակութիւն կը ստեղծուի ուսուցման ընթացքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Գերմանացի Երեսփոխանը Անընդունելի Կը Նկատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Մասին «Տեր Շփիկըլ»-ի Հրապարակումը

Յաջորդը

Ի Տարբերութիւն Խանական Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ Կը Կառուցեն Ժողովրդավարական Երկիր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?