Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է Իրանի Դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին

Սեպտեմբեր 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_90716

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան սէյիտ Քազեմ Սաճատին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: Ողջունելով հիւրը` նախարարը նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տակաւին չօգտագործուած ներուժ, համագործակցութեան հեռանկարներ կան եւ այս առումով կարեւոր նկատած է երկկողմանի տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած գործնական քայլերու իրականացումը: Կարեւոր նկատուած է զբօսաշրջութեան մարզին մէջ, մասնաւորապէս, գիւղական զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ծաւալման կարելիութիւնը, իբրեւ օրինակ նշելով Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ միասին  իրականացուող «Գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած  զարգացում» ծրագիրի ձեւը:

Դ. Լոքեան վստահութիւն յայտնած է, որ այս ձեւաչափով համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի նաեւ Իրանի հետ: Դեսպան սէյիտ Քազեմ Սաճատի ողջունած է այս առաջարկը` նշելով, որ Իրանի նահանգները գիւղական զբօսաշրջութեան մարզին մէջ լաւ փորձառութիւն ունին եւ կրնան լուրջ դերակատարութիւն ունենալ նմանատիպ ծրագիրներու իրականացման մէջ:

Դեսպանը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային իրանական կողմը կը նախատեսէ նաեւ ուսումնասիրութիւն կատարել, Հայաստան-Իրան զբօսաշրջութեան խնդիրները քննել եւ անոնց լուծումներ տալ: Դեսպանին խօսքով` երկկողմանի  գործնական քայլերու իրականացումը կրնայ նպաստել զբօսաշրջութեան զարգացման` Հայաստանի եւ Իրանի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններու, առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Իրանի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսին Հայաստանի արտադրողներու  մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Շրջաններուն Մէջ Պիտի Իրականացուի «Գիւղական Զբօսաշրջութեան Համարկուած Զարգացում» Ծրագիրը

Յաջորդը

Ապրիլեան Պատերազմին Մասնակցած Ուսանողներուն` Կրթաթոշակի 50 Եւ Աւելի Տոկոս Զեղչ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?