Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 սեպտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի եւ Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարաններու խումբ մը երեսփոխաններ:
Քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Պելճիքայի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը Արցախ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ` նշելով, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն անկեղծ եւ անշահախնդիր բարեկամութիւնը` անիկա դիտելով մեր յաջողութիւններուն իբրեւ առանցքային բաղադրամասերէն մէկը: