2 սեպտեմբերի երեկոյեան Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան կազմակերպած քաղաքական հաւաքը` ի զօրակցութիւն Արցախի պետականութեան: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, նախարարներ, մարզպետներ, պատգամաւորներ, դաշնակցականներ ու համակիրներ:
Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` իբրեւ յարգանք ապրիլեան պատերազմին զոհուածներուն: Ապա ներկայացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի տեսագրուած ուղերձը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի 25-ամեակը կը նշուի երկու հայկական պետութիւններուն համար գերլարուած, ներքին ու արտաքին լրջագոյն մարտահրաւէրներով յագեցած եւ շատ պատասխանատու ժամանակաշրջանի մը: Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց ճիշդ գնահատում կատարել, արժեւորել ձեռքբերումներն ու թերութիւնները, չերկնչիլ վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն դիմաց եւ, վերահաստատելով համազգային ուխտը, յառաջ երթալ:
«Մեր մէջէն պէտք է մէկընդմիշտ եւ ի սպառ արմատախիլ ընենք պարտուողականութեան որոմը եւ մեր կեանքը կառուցենք դարերու փորձութիւն անցած յայտնի կարգախօսով` եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստ եղիր պատերազմի:
«Այո՛, խաղաղութիւնն է բնական միջավայրը արարման եւ կայուն զարգացման: Ոչ մէկ ողջմիտ մարդ անոր դէմ կրնայ ըլլալ: Բայց խաղաղութիւնը չեն մուրար, այլ կը նուաճեն: Թշնամիին խաղաղութեան կը բերեն ոչ զիջելով, այլ` պարտադրելով: Եւ ուրեմն հող ու տարածք զիջիլը ինքնին ոչ թէ կը զսպէ թշնամին, այլ անոր կը դարձնէ աւելի սանձարձակ: Այս համոզումով էր, որ մեր ժողովուրդը ժամանակին վճռականօրէն մերժեց «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքով տագնապը լուծելու օրուան իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութիւնը: Կասկածէ վեր է, որ քաղաքական դիակ դառնալու նոյն ճակատագիրը կը սպասէ մեզմէ ոեւէ մէկուն, որ կը փորձէ այս կամ այն ձեւով վերակենդանացնել այդ տխրահռչակ սկզբունքը», հաստատեց Ռուստամեան:
Ան անդրադարձաւ ապրիլեան պատերազմին, անոր շուրջ համայն հայութեան համախմբուածութեան, հայկական բանակի հերոսական դիմակայութեան, որոնք միասնաբար արգիլեցին թշնամին նոր կացութիւն ստեղծելու: Ռուստամեան նաեւ խօսեցաւ «Սասնայ ծռեր»-ուն մասին, որ նոր փորձութեան մատնեց հայոց պետականութիւնը` խարխլելով հայութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, ջլատելով անոր միասնութիւնը. ան աւելցուց, որ միեւնոյն ատեն պէտք է շեշտել, որ երկրին մէջ կարեւոր է անյապաղ բարեփոխումներ իրականացնել, կուտակուած դժգոհութիւնն ու լարուածութիւնը լիցքաթափել:
«Անցած 25 տարիները աներկբայօրէն կը փաստեն, որ մեր սերունդներու արժանապատիւ կեանքը ապահովելու, մեր ազգային նպատակներէն չշեղելու գլխաւոր պայմանը «զարգանալ չզիջելով» կարգախօսով առաջնորդուիլն է: Այս է դժուար, բայց պատուաբեր ճամբան: Հակառակը դիւրին է, բայց կործանարար: Որովհետեւ եթէ շարունակաբար զիջինք մեր շահերը, որ կարենանք զարգանալ, ալ շահ չի մնար ո՛չ միայն զարգանալու, այլ որեւէ այլ բանի համար:
Հետեւաբար, առաջնորդուիլ «զարգանալ չզիջելով» կարգախօսով, կը նշանակէ մասնաւորապէս ամրապնդել այն գաղափարը, որ Արցախի ազատագրուած տարածքները ոչ թէ բեռ են, որոնցմէ պէտք է օր առաջ ազատիլ, այլ զարգացման մեծագոյն կարելիութիւն: Աւելին` ասիկա կը նշանակէ կառուցել մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը այնպէս, որ համապատասխանէ շրջափակուած եւ պատերազմի մէջ գտնուող երկրի կարգավիճակին ու պայմաններուն: Պէտք է ունենալ այն մնայուն համոզումը, որ աւելի լաւ է ըլլալ շրջափակուած, բայց պահպանել ներկայ 42.000 քառ. քմ տարածքները հայկական, քան ունենալ բաց սահմաններ, բայց զրկուիլ կենսական նշանակութեան մեր տարածքներէն», դիտել տուաւ Արմէն Ռուստամեան` հաստատելով, որ բանակցութիւններուն միջոցով հարցի լուծումը պէտք է խարսխուած ըլլայ Արցախի ժողովուրդի արտայայտած կամքին վրայ, ենթադրէ Ազրպէյճանի կողմէ միաժամանակեայ եւ համաչափ զիջումներ եւ ըլլայ համահունչ` խաղաղ լուծման միջազգային եզրերուն ու չափանիշներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչին համաձայն, արցախեան տագնապի լուծման հայեցակարգը պէտք է հետապնդէ հիմնական կարգ մը հարցերու լուծումը` առաջնորդուիլ 1991-ի անկախութեան եւ 2006-ի սահմանադրական հանրաքուէներով Արցախի ժողովուրդին արտայայտած կամքով, բանակցային գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան համար ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն, միջազգային արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն սահմանել` ապահովելու 1994-1995-ի զինադադարի եռակողմանի պայմանագիրի անվերապահ կատարումը, բանակցային հոլովոյթը հունաւորելու եւ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ու հակահայկական քաղաքականութիւնը չէզոքացնելու համար նոր թափ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործին: Այդ հարցերու կարգին Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական համակարգ հաստատելու նպատակով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման, ձեւաւորման Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումներն ու ռազմական յանցագործութիւնները ապացուցող թղթածրարներու եւ զանոնք միջազգային դատապարտման ներկայացնելու, արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ հիմնախնդիրի հայանպաստ լուծումը կանխորոշելու նպատակով Արցախի վերաբնակեցման:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրական նոր փոփոխութիւններուն առնչուող քննարկումներուն մասին` դիտել տալով, որ հրապարակուած նախագիծը, տարօրինակօրէն, չի համապատասխաներ առկայ քաղաքական տրամադրութիւններուն եւ կ՛առաջարկէ անցում կատարել որեւէ տեղ չփորձարկուած, կառավարման իր ձեւով նորարարական համակարգի մը, ինչ որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղը հեռացնել իր հետապնդած գերագոյն նպատակներէն:
«Արցախի պետականութեան ամրապնդման եւ զարգացման հեռանկարային ծրագիրները պէտք է ապահովեն «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութենէն դէպի Հայաստանի հետ միացում» ռազմավարութեան սահուն իրականացումը: Այս նպատակին պէտք է ծառայեն նաեւ որեւէ փուլի մէջ իրականացուող սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ այդ համոզումով է, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ եւս կը պաշտպանէ խորհրդարանական համակարգին անցնելու գաղափարը:
«25 տարին լիովին բաւարար ժամանակ է փաստելու որեւէ պետութեան կայացած ըլլալը, անոր կենսունակութիւնը եւ իր անկախութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնը: Այսօր ամբողջ սերունդ մը ծնունդ առած է ազատութեան մէջ ու կը մեծնայ վայելելով իր հայրենիքին անկախութիւնը: Մենք պարտաւոր ենք պահել, պահպանել մեր եւ նոր սերունդներուն ազատութիւնն ու անկախութիւնը` անոնց փոխանցելով սեփական հայրենիքի մէջ ապրելու ու արարելու բերկրանքը:
Կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Արցախը,
Կեցցէ՛ Հայաստան, Արցախ, սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ», եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:
Դաշնակցութեան Շարքերը Համալրեցին 200 Նոր Ընկերներ
Արցախի պետականութեան զօրակցող ՀՅԴ-ի քաղաքական հաւաքին ընթացքին տարբեր տարիքի պատկանող աւելի քան 200 անձեր տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, նորագիրներու կնքահայր Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ սին են այն յայտարարութիւնները, թէ Դաշնակցութեան շարքերը համալրողներ չկան` հաստատելով, որ վերջին ամիսներուն կուսակցութեան շարքերը 10 տոկոսով համալրուած են:
«Դաշնակցութենէն պէտք չէ ակնկալութիւն ունենալ: Պէտք է բաւարարուիլ կատարուած աշխատանքին արդիւնքները տեսնելով», յայտարարեց Բիւրոյի անդամը:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը չի ներեր պետութեան եւ պետականութեան դէմ զէնք բարձրացնողներուն` որո՛նք ալ ըլլան անոնք: