Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  «Իզվեսթիա»-ն Եւ Հայաստանի  Հանրապետութեան Ապաշրջափակումը

Ակնարկ. «Իզվեսթիա»-ն Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ապաշրջափակումը

Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու շրջադարձի պաշտօնականացումը ակնկալելի էր: Ներողութիւն խնդրելու թատերական ներկայացումը իր նախապատրաստութիւնը ունէր փաստօրէն: Մնացեալը ցուցադրական պարանաձգութիւն էր, նախ Մոսկուայէն` ըսելու համար, որ Ներողութիւն խնդրող նամակ ստացած են նախագահ Էրտողանէն, յետոյ Անգարայէն` ներքին սպառման համար առաւելաբար անուղղակիօրէն հերքելու ներողութիւն բառի օգտագործումը, ապա Մոսկուայի կողմէ վերստին պաշտօնապէս յայտարարելը, որ ներողութիւն բառը օգտագործուած է գրաւոր նամակին մէջ, յետոյ ալ ընդհանրապէս այս հարցին...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային  Այցելութեամբ Լեհաստան Կը Գտնուի

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Լեհաստան Կը Գտնուի

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 յուլիսին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեհաստան` մասնակցելու Աֆղանիստանի մէջ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան` ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ ոչ անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին, որ տեղի կ՛ունենայ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ: Պատուիրակութիւններու ղեկավարները գագաթնաժողովի գումարման վայրին մէջ դիմաւորած են ՕԹԱՆ-ի  ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը եւ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտանը: Աւելի ուշ, Հայաստանի նախագահը երեկոյեան Վարշաւայի մէջ...

Դաւիթ Իշխանեան. «Ոչ Մէկ Հիմք Կայ Ենթադրելու,  Որ Լեռնային Ղարաբաղի Իշխանութիւնները  Կ՛ուզեն Տարածքներ Զիջիլ»

Դաւիթ Իշխանեան. «Ոչ Մէկ Հիմք Կայ Ենթադրելու, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն Տարածքներ Զիջիլ»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան հաստատած է, որ ոչ մէկ ձեւով իրականութեան կը համապատասխանեն այն խօսակցութիւնները, թէ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են տարածքներ զիջելու կայուն կարգավիճակ ստանալու դիմաց: «Հիմքեր չունինք` այդպիսի մեկնաբանութիւններ կամ ենթադրութիւններ տալու: Մամուլի մէջ շրջանառուող տեսակէտներ են ատոնք, որոնց համապատասխան մեկնաբանութիւններ տալը ճիշդ չէ: Յամենայն դէպս, մենք ոչ մէկ հիմք ունինք ենթադրելու, որ...

Մամլոյ  Հաղորդագրութիւն.  ՀՅԴ-ն Կապերը Կ՛ամրապնդէ Եւրոպական Խորհրդարանի  Ընկերվարականներու Եւ Ժողովրդավարներու Խմբակին Հետ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ-ն Կապերը Կ՛ամրապնդէ Եւրոպական Խորհրդարանի Ընկերվարականներու Եւ Ժողովրդավարներու Խմբակին Հետ

6 յուլիսին, Եւրոպական խորհրդարանի Սթրազպուրկի շէնքին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի  ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակցութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքուեցաւ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին եւրոպական նշեալ խմբակցութեան նախագահ Ճիաննի Փիթելլա եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Համաձայնագիրը հաստատելէ ետք այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կողմերը որոշած են համագործակցիլ, կը թուէ համագործակցութեան նպատակով առնուելիք...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Իսրայէլի հետ իր քաղաքական, տնտեսական ու մանաւանդ զինուորական սերտ յարաբերութիւններով ծանօթ Ազրպէյճանի Սուրիոյ մէջ դեսպանատունը Լիբանան փոխադրելու քայլը չի կրնար մտահոգութիւն չպատճառել: Այդ քայլը առաւել մտահոգիչ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք այդ քայլին թայմինկը. Սուրիոյ մէջ տագնապի սկիզբէն վեց տարի եւ Ազրպէյճանի «մեծ եղբօր»` Թուրքիոյ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Փոփոխութեան  Ենթարկուած Սահմանադրութիւնը  Մեզի Կը Դարձնէ Աւելի Ազատ Եւ Ուժեղ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Փոփոխութեան Ենթարկուած Սահմանադրութիւնը Մեզի Կը Դարձնէ Աւելի Ազատ Եւ Ուժեղ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: «Այս տօնը կարեւոր ու պատմական օր է մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ: Մենք միասին քայլ առ քայլ կ՛երթանք Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած նպատակները կեանքի կոչելու ուղիով», ըսուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հրապարակած ուղերձին մէջ: «Սահմանադրական վերջին բարեփոխումները անգամ մը եւս հաստատեցին մեր...

Հայաստան Կը Սգայ Էլի Վիզելի Մահը

Հայաստան Կը Սգայ Էլի Վիզելի Մահը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 յուլիսին ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոպէլեան մրցանակակիր, «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, մարդասէր Էլի Վիզելի մահուան առիթով: «Վերապրելով հոլոքոստը` ան իր ամբողջ կեանքը անցուց պայքարելով անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անտարբերութեան դէմ: Մենք բարձր կը գնահատենք Էլի Վիզելիի ներդրումը անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու մասին բարձրաձայնելու եւ «Այլեւս երբեք» կարգախօսին հաւատարիմ` նման սարսափելի յանցագործութիւններէն զերծ ապագայ կերտելու...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպման Հարցով Խորհրդակցութիւններ Տեղի Կ՛ունենան

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպման Հարցով Խորհրդակցութիւններ Տեղի Կ՛ունենան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն ազրպէյճանական ԱՓԱ  լրատու գործակալութեան փոխանցած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումի ժամկէտերու, վայրի եւ ձեւաչափի հետ կապուած խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: «Ինչպէս նշած է արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոն, Ֆրանսան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հանդիպում կազմակերպել», ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն:  

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու  Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ծնողներու, շրջանաւարտներու, դպրոցի բարեկամներու, անձնակազմի, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Գնահատեց 2015-2016  Տարեշրջանի Հայ Համալսարանականներու Հունձքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Գնահատեց 2015-2016 Տարեշրջանի Հայ Համալսարանականներու Հունձքը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին (ՀՀՀ), ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի հայ համալսարանականներու հունձքի գնահատման յատուկ երեկոյ մը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի շուրջ յիսուն համալսարանաւարտներ, ծնողներ, Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի անդամներ եւ բարեկամներ:...

Նալբանդեան – Լաւրով  Հանդիպումը Կայացած Է

Նալբանդեան – Լաւրով Հանդիպումը Կայացած Է

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով արդէն Երեւան  հասած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ 4 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ: Երեւան հասած է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)  գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:...

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է  Պորտիւժան Եւ Հաւաքական Անվտանգութեան  Պայմանագիրի Կազմակերպութեան  (ՀԱՊԿ) Արտաքին Գործոց Նախարարները

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է Պորտիւժան Եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին Գործոց Նախարարները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի անդամները եւ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան, որոնք Երեւան կը գտնուին` մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ գումարուող արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է նիստին աշխատանքը, որ նպատակաուղղուած է  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն...

«Ալպա» Համալսարանը Կը Մեծարէ  Վաստակաշատ Արուեստագէտ Կիւվտէրը

«Ալպա» Համալսարանը Կը Մեծարէ Վաստակաշատ Արուեստագէտ Կիւվտէրը

«Ալպա» համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 16 յունիսին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտէրի մեծարանքի հանդիսութիւնը եւ համալսարանին մէջ անոր աւելի քան քառասնամեայ վաստակին նուիրուած ծառատնկումի արարողութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Մշակոյթի նախկին նախարար Թարէք Մըթրի, համալսարանի դասախօսական կազմը, լիբանանցի մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր աշակերտած են Կիւվտէրի: Ներկայ էին նաեւ ուսանողներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը: Համալսարանի տնօրէն Անտրէ Պըխազի իր խօսքին մէջ...

«Փրկութեան Քարտէս»-ը Ժապաւէնի Արտադրիչ  Մանուէլ Սարիբէկեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

«Փրկութեան Քարտէս»-ը Ժապաւէնի Արտադրիչ Մանուէլ Սարիբէկեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ «Փրկութեան քարտէս»-ը (map of salvation) ժապաւէնի արտադրիչ, «Մէն Փիքչըրս սթիւտիա»-ի հիմնադիր եւ սեփականատէր Մանուէլ Սարիբէկեան: Սարիբէկեան Լիբանան կը գտնուի Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով: Ժապաւէնին պէյրութեան ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ա.Պէ.Սէ» Էշրեֆիէի շարժապատկերի ցուցադրասրահներէն մէկուն մէջ: Ժապաւէնը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հինգ եւրոպացի միսիոնար կանանց կեանքը եւ...

Ակնարկ.  Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան  Առանցքային Կէտերը

Ակնարկ. Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան Առանցքային Կէտերը

Արցախեան հակամարտութեան բանակցային փուլերու թեւակոխումը զգալիօրէն արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է: Շատ կարճ ժամանակներ իրարմէ կը բաժնեն Վիեննան ու Ս. Փեթերսպուրկը եւ հիմա ալ ըստ երեւոյթին շուտով Փեթերսպուրկն ու Փարիզը: Վերլուծաբանական գրականութիւնը անընդհատ կը խօսի փոխզիջումներու տարբերակներու, անժամկէտ հանրաքուէներ կազմակերպելու, ուժերու հեռացման, տարածքներու կարգավիճակի, խաղաղապահ ուժերու տեղակայման եւ լուծման հնարաւոր տարբերակներու մասին: Անհասկնալիօրէն հայկական մեկնաբանական դաշտը շատ յղում չի կատարեր պաշտօնական...

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի  Կեդրոնական Կոմիտէ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 1 յուլիսի երեկոյեան նիստին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկեց Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած եւ բանաձեւուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծին: Ըստ սահմանադրութեան` այս օրինագիծը առ այդ կը յղուի Ծերակոյտին, որ իր կարգին պիտի քննարկէ եւ քուէարկութեան դնէ յառաջիկայ սեպտեմբերին: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ուղղակի թելադրանքով ընթացած այս օրէնքի հետապնդումը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը հետապնդուի Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան  Ազգային Անվտանգութեան  Խորհուրդի Նիստ Գումարած Է

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Գումարած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, 2 յուլիսին  Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարած է: Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, նիստին օրակարգը ներառած է «Կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան» նախագիծի մասին հարցը եւ այլ հարցեր: Խորհուրդի անդամները քննարկած եւ համաձայնութիւն յայտնած են «Կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան» նախագիծին, որ զեկուցած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն...

Վարդավառը` Կոտայքի Մարզին Մէջ.  125 Մեթր Եռագոյն Դրօշը Գառնիի Տաճարին Մէջ.  Ջուր, Տօնախմբութիւն Եւ Մատաղ Գեղարդի Մէջ

Վարդավառը` Կոտայքի Մարզին Մէջ. 125 Մեթր Եռագոյն Դրօշը Գառնիի Տաճարին Մէջ. Ջուր, Տօնախմբութիւն Եւ Մատաղ Գեղարդի Մէջ

Գառնի եւ Գեղարդի Երիտասարդական ակումբներու  նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Վարդավառի նուիրուած միջազգային փառատօն մը տեղի ունեցաւ: Փառատօնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ արտասահմանէն հայորդիներ, հարուստ էր կրօնական, ժողովրդական, մշակութային եւ  ժամանցային ձեռնարկներով: Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտ կանուխ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի փոխմարզպետ Կարէն Մարգարեանի եւ Երիտասարդական ակումբներու նախագահ Ատոմ Մխիթարեանի կողմէ: Փառատօնի բացման ներկայացուած էին Վարդավառին նուիրուած տաղաւարներ: Իւրաքանչիւր...

Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» Շէնքը  Հրթիռակոծուեցաւ

Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» Շէնքը Հրթիռակոծուեցաւ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ  2 յուլիսի առաւօտեան ժամը 3:15-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող «Կիլիկիա» շէնքը: Տեղւոյն բնակարանները, գործատեղիները, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցը նիւթական վնասներ կրած են: Զոհեր եւ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:  

Խմբագրական.   Բացակայող Թիւեր

Խմբագրական. Բացակայող Թիւեր

Իրենց աւարտին կը հասնին Լիբանանի տարածքին գործող հայկական յարանուանական եւ միութենական վարժարաններու ամավերջի հանդէսները: Հանդէսները անշուշտ նախ եւ առաջ տօնական պահեր են աւարտող աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ առհասարակ կրթական պատասխանատու մարմիններուն համար: Բնականաբար նաեւ տարուան մը աշխատանքի հանրագումարը ժողովուրդին ներկայացնելու, յաջողութիւնները ընդգծելու եւ անդրադառնալու նաեւ դժուարութիւններուն, որոնց յաղթահարման համար նախապատրաստել դպրոցական շրջանակները` աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն, նուիրատուներ: Հանրագումարի...

Page 690 of 796 1 … 689 690 691 … 796

Արխիւներ