Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարելի Չէ Ունքը Շինելու Փոխարէն Աչքը Հանել» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Սեպտեմբեր 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated-18

Կարելի չէ ունքը շինելու փոխարէն աչքը հանել. լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ՀՅԴ-ի անուան հիմքին մէջ «յեղափոխութիւն» բառն է, մինչդեռ` անիկա այն քաղաքական ուժերու շարքին կը  դասուի, որոնք կը դատապարտեն «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման գործողութիւնները:

«Մեր յեղափոխութիւնը ազգային-ազատագրական նպատակով յեղափոխութիւն է: Ի՞նչ կը նշանակէ Դաշնակցութիւն: Այն ժամանակ, երբ ուրիշ ճար չէր մնացած պայքարելու վարչակարգերու դէմ` սուլթան Համիտէն սկսեալ մինչեւ երիտթուրքեր եւ այլն, այդ գործը կատարեցին հայ յեղափոխականները, որոնք միաւորուեցան: Այդ պատճառով  կուսակցութեան անունը Դաշնակցութիւն է, այսինքն` յեղափոխականներու միաւորում, բայց անոր նպատակը շատ յստակ է` հասնիլ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտման: Մենք երբեք այդ յեղափոխականութիւնը իբրեւ զինուած պայքար չենք դիտած` ներսը  քաղաքացիական բախումներ, քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնելու համար», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ պէտք է զերծ մնալ երկրին մէջ բախումներ յառաջացնելու գործողութիւններէ:

«Կասկած չունինք, որ երբ պառակտուինք, քաղաքացիական բախումներ սկսին, այդ վիճակէն անմիջապէս պիտի օգտուի Ազրպէյճանը: Մենք պարտաւոր ենք այդ ամէնը նկատի ունենալ», ըսած է Ռուստամեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ տեղեր կան, ուր թռիչքաձեւ զարգացումը անհրաժեշտութիւն է. «Տեղ կայ, որ միայն թռիչքաձեւ զարգացումով պէտք է կարելի ըլլայ երկիրը դուրս բերել ծանր, լճացած վիճակէն»:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամները եւս յեղափոխութիւն կը պահանջէին, Ռուստամեան ըսած է. «Իշխանափոխութիւն կը պահանջէին, բայց ոչ մէկ բանի հասան: Ունինք երեք զոհ: Այն նպատակը, որ դրուած էր, տեղի չունեցաւ: Այս ամէնը  անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ կարելի չէ ունքը շինելու փոխարէն աչքը հանել: Երեք ընտանիք` առնուազն, եթէ չըսեմ` մնացածները, դժբախտացած են: Անմեղ մարդիկ ինչո՞ւ այդ գինը պիտի վճարէին: Ամէն միջոց չէ, որ կ՛արդարացնէ նպատակները, եւ այդ նպատակներուն հասնելու համար համապատասխան միջոցներ պէտք է գտնել»:

Նախորդը

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն. Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է Պելճիքայի Եւ Պրիւքսէլի Շրջանային Խորհրդարաններու Խումբ Մը Երեսփոխաններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?