ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ձեւաւորուած զարգացումներուն:
Անոր խօսքով` ներկայիս միջնորդ պետութիւններուն կողմէ ճիգերը շատ են` ուղղուած բանակցութիւններու վերսկսման, որովհետեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք տեղի ունեցած` Վիեննայի եւ միւս հանդիպումներուն անդրադարձ չէ կատարուած հարցի բուն էութեան, հիմնական հարցերը վերաբերած են զինադադարի դրութեան ապահովման:
Մանոյեան նշեց նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներու նուազման նպաստած են նաեւ միջնորդներուն կողմէ ճնշումները: «Ճնշումները կան, բայց տագնապի լուծման հարցով նորութիւն չկայ: Արծարծուող ծրարը նոյնն է, անոր մէջ նորութիւն չկայ: Հիմնականը այն է, ինչ որ Մատրիտեան սկզբունքները, Քազանեանը, հիմա սկսան խօսիլ նաեւ Լաւրովի փաստաթուղթի մասին, բայց հիմնականին մէջ բոլորն ալ նոյնն են` կ՛առաջարկուի Ղարաբաղի կարգավիճակ` տարածքներու դիմաց», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, ՀՅԴ-ն 2 սեպտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն ոչ բոլոր լրատուամիջոցները անդրադարձան: «Այդտեղ կը կրկնուէր կուսակցութեան կեցուածքը, որ 2009-էն ի վեր այս հարցին մասին հրապարակուած է: Հիմնարար սկզբունքները կամ Մատրիտեան սկզբունքները հրապարակուած են այդ թուականի յուլիսին, եւ կուսակցութիւնը անոնց մասին իր տեսակէտը յայտարարած է: Մենք յայտարարութեան մէջ կ՛անդրադառնանք նաեւ այն հարցին, որ ակնկալել, թէ հայկական կողմը միակողմանի զիջումներ պէտք է կատարէ անորոշ ապագայի, ինչ որ խոստումներու դիմաց, ամբողջութեամբ սխալ է: Առանց դիմացի կողմէն որեւէ բան ստանալու` յայտարարել, որ մենք պատրաստ ենք ինչ որ քայլերու ձեռնարկելու, կը նշանակէ` ինչ որ բան տալ` առանց ոչինչ ստանալու», ըսաւ ան:
Մանոյեան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ դժուար է ակնկալել, որ մինչեւ տարեվերջ բանակցային հոլովոյթին մէջ կրնայ լուրջ տեղաշարժ արձանագրուիլ: «Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր ապակառուցողական դիրքորոշումը, եւ պէտք չէ բացառել, որ Ազրպէյճանի կողմէ, ի նշան բողոքի, ըլլան զինադադարի դրութեան խախտման դէպքեր», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին կարծիքով` ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերեալ երկկողմանի ճիգերու կիրարկումը կը շարունակուի:
«Պէտք չէ զարմանալ, որ Ռուսիան կը փորձէ սիրաշահիլ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, եւ պէտք չէ ատկէ խուճապի մատնուիլ: Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիան սիրաշահելու շարունակական ճիգը անոր Արեւմուտքէն պոկելու համար է: Արեւմուտքը անհանգիստ է, եւ Ռուսիան կը փորձէ օգտուիլ այդ առիթէն` Թուրքիան Արեւմուտքէն հեռացնելու համար: Այդ պատճառով կրնայ ըլլալ ինչ որ բաներ յայտարարուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ, բայց ատիկա տակաւին ոչինչ կը նշանակէ», լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նշեց Մանոյեան:
Անոր խօսքով` Ազրպէյճանին զսպելու առումով հայկական կողմը զինուորական տեսանկիւնէն ճիշդ քայլեր կատարած է, բայց դիւանագիտական տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է ամրագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստորագրեն ռազմաքաղաքական այն պայմանագիրը, որուն մասին ապրիլի սկիզբը հանրապետութեան նախագահը խօսած է եւ յանձնարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստել:
«Կը կարծենք, որ հիմա է այն պահը` ստորագրելու: Ատիկա նաեւ մեր կողմէ կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին: Անհրաժեշտ է վայրկեան մը առաջ այդ ռազմաքաղաքական պայմանագիրը ստորագրել, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ աշխատանք տանիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Պատրանք չունինք, որ վաղը պետութիւնները կը ճանչնան, բայց անհրաժեշտ է, որ պայմանագիրէն բխող հարցերու էութիւնը պարզ դառնայ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինակոչիկը կը յայտնուի Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ, ատիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կը գործածեն նոյն Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը, այս բոլորը բացատրելու համար, անհարժեշտ է այդ պայմանագիրը ստորագրել», նշեց Մանոյեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան քննադատութեան` Մանոյեան նշեց. «Մատրիտեան սկզբունքները ընդունուեցան նոյեմբեր 2007-ին, երբ Քոչարեան նախագահն էր, արտաքին գործոց նախարարն ալ Օսկանեանն էր: Հիմա հետաքրքրական է, որ այդ մարդիկը, որոնք այդ փաստաթուղթին շուրջ բանակցած են եւ բանակցութիւններով ընդունած են սկզբունքները, այսօր կ՛ըսեն, թէ իրավիճակը փոխուած է, կեցուածքը եւս: Բնականաբար, բոլորն ալ իրաւունք ունին իրենց կեցուածքը փոխելու, բայց մեղադրել, որ ներկայ իշխանութիւնն է այսօրուան իրավիճակին պատասխանատուն, կը կարծեմ, այդքան ալ ազնիւ չէ», ըսաւ ան:
Ըստ Մանոյեանի, վստահաբար, երկրորդ նախագահը եւ իր արտաքին գործոց նախարարը չէզոք դիրքերէ կը խօսին եւ քաղաքական որոշ մօտեցումներ ունին:
«Պէտք է իրենց քաղաքական մօտեցումները իբրեւ կողմ ընդունինք. որ իրենք այս իշխանութիւնները կը քննադատեն, բայց տեսնենք, թէ, ըստ էութեան, իրենց ըսածներուն մէջ ո՛րն է ճիշդը, ո՛րն է սխալ», ըսաւ ան:
Կիրօ Մանոյեան, սակայն, վստահ է` այս իրավիճակը կարելի է հիմնովին փոխել յարմար առիթի ստեղծման պարագային:
«Կը կարծեմ` այդ յարմար առիթը կ՛ըլլայ արդար ընտրութիւնները եկող տարի` խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այսինքն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդէն ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն, այդ նոր իշխանութիւնը կրնայ այս ամբողջը վերատեսութեան ենթարկել եւ փորձել նոր ուղղութեամբ վերսկսիլ», եզրափակեց Մանոյեան:
Տիգրան Բալայեան. «Արցախի Հետ Զինուորական
Փոխօգնութեան Պայմանագիրը Մշակման Փուլի Մէջ Է»
1-էն 4 ապրիլին, երբ Ազրպէյճանը սանձազերծած էր վայրագութիւններ Արցախի դէմ, նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին յանձնարարած էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` աշխատիլ Ղարաբաղի հետ զինուորական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ:
«Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ այդ պայմանագիրը մշակման փուլի մէջ է: