
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Առաջին այս հանդիպումին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի ընդհանուր իրադրութեան, երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանային իրավիճակի վերջին զարգացումներուն վրայ:
Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան խիստ բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական ուժերու ճիգերը: Ան յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տարուի ընդլայնելու երկկողմանի յարաբերութիւններուն ծիրը եւ բարձրագոյն մակարդակի հասցնելու զայն: Դեսպան Մկրտչեան մաղթեց, որ շրջանին մէջ շուտափոյթ համատարած խաղաղութիւն տիրէ:
Ընթացիկ սեպտեմբերի վերջաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետին Պէյրութ կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութեան քայլերուն ծիրին մէջ կատարուած այս այցելութեան առիթով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս մասին` նշելով, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը ճիգ չեն խնայեր երկրին անդորրութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելու համար: «Երկրին ապահովական վիճակը հակակշիռի տակ է», ընդգծեց նախարար Մաշնուք` դրական երեւոյթ նկատելով կողմերուն նախանձախնդրութիւնը երկրին կայունութեան պահպանման գծով: Միւս կողմէ, Մաշնուք նկատել տուաւ, որ միջազգային ընկերութեան համար նպաստաւոր է այս կայունութեան պահպանման խթանող մթնոլորտ ստեղծել: Միաժամանակ ան յայտնեց, որ Լիբանան կը տառապի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս նախագահի բացակայութեան պատճառով, հոսկէ` այս թափուր աթոռի բացը լեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ երկիրը գահավիժումէ փրկելու հրամայականը»:


