Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՌԻ-ի Հիմնադրամը Տարբեր Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Սեպտեմբեր 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARI_90516

Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին «Արմէնփրես» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին  լիբանանահայ գործարարներ համախմբող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան եւ ԱՌԻ-ի անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ կատարուած ներդրումները` յատուկ կերպով անդրադառնալով Քաշաթաղ շրջանի Աղաւնոյ գիւղի նորակառոյց Արիաւան թաղամասին բացման, որ տեղի ունեցաւ 3 սեպտեմբերին:

Բենիամին Պչաքճեան նշեց, որ իրենք, ըստ Արցախի կառավարութեան հետ կնքուած համաձայնագիրին եւ կառավարութեան երաշխաւորութեամբ, Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ կը տրամադրեն մատչելի տոկոսներով գիւղատնտեսական  փոքր վարկեր` անասնապահութեան եւ հողագործութեան զարգացման նպաստելու նպատակով: 2010-2016 թուականներուն հիմնադրամին տրամադրած վարկերէն օգտուած են աւելի քան հազար ընտանիքներ, իսկ վերջերս ԱՌԻ-ն նախաձեռնեց բնակարանաշինութեան ծրագիրի մը, որուն աւարտին 150 նոր բնակարաններ պիտի կառուցուին եւ յանձնուին տէրերուն:

«Այս կազմակերպութիւնը ո՛չ թէ բարեսիրական, այլ ներդրումային է, անոր նպատակն է սփիւռքէն ներդրումներ ապահովել այս երկու շրջաններու տնտեսական զարգացման եւ վերաբնակեցման նպատակով: ԱՌԻ-ն հիմնուած է 2010-ին: Սկսանք 16 գործարարով, իսկ այսօր արդէն 180 գործարարներ անդամ են այս հիմնադրամին,  անոնք սփիւռքի տարբեր գաղութներէն են` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Եւրոպա. ներդրողներուն 80 առ հարիւրը Լիբանանէն են: Հաւանաբար անոնք զիրար չեն ճանչնար, սակայն տրամադիր են ներդրումներ կատարելու այս նպատակով: Ծրագիրին սկսած ենք հիմնականին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման համար փոքր վարկեր տրամադրելով: Մեր այս աշխատանքները կ՛իրականանան Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան հետ համաձայնագիրով մը, անոր երաշխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ: Մենք ո՛չ միայն նպաստած ենք այդ ընտանիքներու կենսամակարդակի բարձրացման, այլ նաեւ այդ շրջաններու տնտեսական զարգացման, արձանագրուած է նաեւ բնակչութեան 20-25 տոկոսի աճ», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:

Անոր համաձայն, հիմնադրամին կողմէ այս երկու շրջաններուն մէջ տրամադրուած վարկերուն շնորհիւ աւելցած է խոշոր եղջերաւոր անասուններու գլխաքանակը, եռապատկուած է մանր եղջերաւորներուն թիւը: «Մշակուած տարածքները նոյնպէս եռապատկուած են: Վերջերս մենք նախաձեռնեցինք նոր ծրագիրներու, որոնք կը վերաբերին բնակարանաշինութեան: Մենք ունինք սուրիահայ եղբայրներ, որոնք Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան լոյսին տակ փափաք յայտնեցին տեղափոխուելու Արցախ եւ վերաբնակեցնելու այդ տարածքները: Մենք ալ մեր հերթին աջակցած ենք այս ծրագիրին, որ բաղկացած է երեք մասէ: Առաջին փուլը 50 բնակարանի կառուցումն է, որ գրեթէ ամբողջացած է: Հիմա հետեւողական ձեւով պէտք է ընթանան երկրորդ եւ երրորդ փուլերը: Իբրեւ արդիւնք կ՛ունենանք 150 նորակառոյց բնակարան: Բնակարանները կը գտնուին Աղաւնոյ գետի ափին, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ: Այդ տարածքը ռազմավարական նշանակութիւն ունի թէ՛ իր դիրքով, թէ՛ բնական հարստութեամբ», նշեց Բ. Պչաքճեան: Ան աւելցուց, որ 3 սեպտեմբերին արդէն 25 բնակարաններ յանձնուած են իրենց տէրերուն եւ անոնք արդէն բնակելի վիճակի մէջ են: «Յոյս ունինք, որ մինչեւ տարեվերջ մնացած 25-ն ալ կը յանձնուին», եզրափակեց ան:

Բնակարանները կը տրամադրուին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միջոցով: Անոնք նախատեսուած են 6 եւ աւելի անձերէ բաղկացած ընտանիքներու, սպաներու եւ այն ընտանիքներուն համար, որոնց բնակարանները քանդուած են այս աւանը կառուցելու համար: Արդէն Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որպէսզի բնակարաններ յատկացուին նաեւ Արցախի մէջ բնակիլ ուզող սփիւռքահայերուն համար:

Կազմակերպութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան շեշտեց, որ իրենք թէեւ գործառնութիւն կը կատարեն, սակայն անկէ մեծ շահ չեն ակնկալեր, կը ստանան միայն ներդրումային տոկոսներ, որոնք շատ ցած են ե՛ւ վճարողին, ե՛ւ ներդրում կատարողներուն համար: Ան այս ներդրումային ծրագիրը կը նկատէ երկարամեայ, քանի որ կրնայ տեւել 20-30 տարի:

Հիմնադրամին նպատակն է դառնալ համահայկական կառոյց, որ ներդրումներ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման համար, ինչպէս նաեւ կը վերականգնէ Քաշաթաղի` մինչեւ պատերազմական տարիներ ունեցած 2 հազար հեկտար խաղողի այգիները, միլիոնաւոր անասունները, դառնալով Հայաստանի «պարէնային զամբիւղ»-ը` երկու հանրապետութիւններուն սննդամթերք եւ մսամթերք ապահովելով:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Նուիրուած Մոնթեվիտէոյի Խորհրդաժողովին Ընթացքին Որդեգրուած Է Հռչակագիր Մը

Յաջորդը

«Վայրկեան Առաջ Պէտք Է Ստորագրել Հայաստանի Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?