Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբի Տագնապի Քննարկում` Ներքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Բագրատունի. «Մինչեւ Թաղման Վայրերու Հաստատում Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբի Մթերումը Պիտի Կասեցուի, Իսկ Փողոցները Կուտակուած Աղբին Փոխադրութեան Պատասխանատու Չենք»

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

HUS_7564

Աղբի տագնապին գծով երէկ երեկոյ աշխատանքային նիստ մը գումարուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ` մասնակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, Մեթնի եւ Քեսրուանի քաղաքապետներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ այլ ներկայացուցիչներու:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին աղբերու տագնապի լուծման կարելիութիւնները` կողմերուն ցուցաբերած վերջին կեցուածքներուն եւ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:

Նախքան ժողովին բացումը, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ փոխանցուած է`սպասելով ներքին գործոց նախարարութեան այս ժողովի արդիւնքներուն:

Pakradouni2_90616

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի նիստէն ետք յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման կառավարութեան ծրագիրին իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են երկիրը փրկելու համար քաղաքական տագնապէ, յատկապէս նկատի ունենալով վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի յայտարարած ծրագիրին բոլոր կէտերը հիմնական են` հսկողութենէն մինչեւ առողջ կերպով թափօններու թաղում` ցամաքը, մինչեւ աղբերու տեսակաւորում եւ ծրարում, հասնելով` աղբակոյտի լերան վերացման:

«Մենք մտավախութիւններ ունէինք, որ մէկ կամ երկու տարուան ժամկէտը կրնայ պատճառ դառնալ աղբակոյտի լերան վերացման առումով արձանագրուելիք թերացումներուն, սակայն Շեհայէպ հաստատեց աղբակոյտը վերացնելու յանձնառութիւնը` իբրեւ նաշապայման ամբողջ ծրագրի գործադրութեան», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի մթերման հոլովոյթը պիտի կասեցուի, այնքան ատեն որ թաղման վայրերը չեն պատրաստուած` աւելցնելով, որ իրենք պատասխանատու չեն փողոցներուն մէջ կուտակուած եւ չտեսակաւորուած աղբին փոխադրութեան:

Իր կարգին, Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբի տագնապին բարեփոխուած լուծումը կը պարփակէ տարբեր փուլեր, որոնցմէ են` Պուրճ Համուտի աղբակոյտին վերացումը, որ գլխաւոր նախապայմանն է, ծովային պատնէշի կառուցումը եւ կենսոլորտային առողջ չափանիշներու համաձայն թափօններու թաղումը, այսինքն` կենսոլորտային յարմար չափանիշներով մշակուած թափօններու թաղման վայրի մը մէջ եւ ոչ ծովուն մէջ:

Շեհայէպ հաստատեց, որ այս աշխատանքները պիտի օժանդակեն, որ աղբակոյտի վերացումը եւ փողոցներուն մէջ կուտակուած աղբի հարցերը միաժամանակ լուծուին:

Երկրագործութեան նախարարը յայտնեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը քաղաքապետարաններուն իրաւունքն է, որ տրուած է կառավարութեան կողմէ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդին ճշդած չորս տարուան ժամկէտը կարճցնելու պատասխանատուութիւնը քաղաքապետարաններէն կախեալ է: «Քաղաքապետական որեւէ համադաշնակցութիւն, որ կարող է, գիտէ եւ պատրաստ է լուծել աղբի տագնապը` աղբի տեսակաւորման եւ ծրարման գործարանները ունենալէ ետք, իրաւունք կը ստանայ ինքն իր աղբերը մշակելու», ըսաւ ան:

Շեհայէպ նշեց, որ քաղաքապետարաններուն կողմէ աշխատանքներուն հսկելու եւ հսկողութեան համար փորձագէտներու վստահելու իրաւունքը կառավարութեան կողմէ վաւերացուած է` աւելցնելով, որ քաղաքապետարաններուն տրամադրուելիք գումարները ապահով են` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հաստատումով:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ եթէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ զետեղած իր նստացոյցին վրանը վերցնէ, աղբերը փողոցներէն վերցնելու աշխատանքը վաղն իսկ կը սկսի:

Իր կարգին, Ժտէյտէի եւ Պուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա յայտնեց, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր սկսած են թափօններու թաղման վայրի մը եւ անոնց տեսակաւորման գործարանի մը կառուցման յատուկ հողաշերտի փնտռտուքի: «Չկրցանք գտնել ոեւէ մէկը, որ տրամադիր էր մեզի հող յատկացնել: Սակայն երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ուժգին միջամտութիւնը նպաստեց գտնելու ակնկալուող յարմար հողաշերտը աղբերու զետեղման համար: Երկրորդ` եթէ որոշենք կասեցնել վնասազերծուած թափօններու թաղման վայր մը, պէտք է գտնել զայն փոխարինող նոր վայր մը, ու եթէ որոշենք դադրեցնել աղբերու յատուկ ընկերութեան մը գործունէութիւնը, պէտք է գտնել զայն փոխարինող նոր ընկերութիւն մը, այլապէս աղբերը կուտակուած պիտի շարունակեն մնալ փողոցներուն մէջ» ընդգծեց Ժպարա: Ճիշդ պատկերացումը կ՛առաջադրէ շարունակել աշխատանքը, քանի զայն փոխարինող չկայ ներկայիս: Իսկ եթէ կ՛ուզենք նոր ծրագիր մշակել, պէտք է նոր հողաշերտ ու նոր կեդրոն գտնենք, ինչ որ ձեռնտու չէ ներկայիս», ընդգծեց Ժտէյտէի եւ Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա:

Նախորդը

Շաւարշ Քոչարեան Լուրջ Ակնկալութիւններ Չունի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յառաջիկայ Հանդիպումէն

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Որեւէ Մետալի Չտիրացան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?