Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան անցնող օգոստոսի վերջաւորութեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իրան: Այս առիթով նախարար Հաժ Հասան եւ անոր ընկերակցող եօթանասուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը այցելեցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր հանդիպումներ ունեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Թեհրանի Պատգամաւորական ժողովի, թեմական խորհուրդի, «Ալիք» հաստատութեան, եկեղեցական խորհուրդներու, քահանայ հայրերու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս առիթով առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ հիւր նախարարին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան փոխանցեց տեղեկութիւններ հայ համայնքի եւ ազգային կառոյցներու գործունէութեան մասին` ընդգծելով, որ իրանահայ համայնքը` իբրեւ Իրանի ժողովուրդի անբաժան մասը, միշտ իր ներդրումը ունեցած է Իրանի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Իր կարգին, նախարար Հաժ Հասան կարեւորութեամբ անդրադարձած է քրիստոնեայ-իսլամ ընդհանրութիւններուն եւ Իրանի ու Լիբանանի քրիստոնեաներու եւ իսլամներու դարաւոր խաղաղ գոյակցութեան: Նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նաեւ անդրադարձած է շրջանային վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչական ոճրագործութիւններուն:
Նախարարը նշած է, որ Իրան կատարած իր այս այցելութեան նպատակն է ընդլայնել երկու երկիրներու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ լիբանանեան 70 հոգինոց պատուիրակութեան կ՛անդամակցէր Լիբանանահայ առեւտարականներու միութեան նախագահ Նազարէթ Սապունճեան: Այս առիթով Սապունճեան հակիրճ կերպով անդրադարձած է լիբանանահայ համայնքին: Հանդիպման աւարտին նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան թեմակալ առաջնորդին նուիրած է յուշանուէր մը: