«Ասիկա Մեր Տնտեսութեան Զօրահանդէսն Է». Արծուիկ Մինասեան` «Արտադրուած Է Հայաստանում» Ցուցահանդէսին Մասին
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը 19-22 սեպտեմբերին «Մերիտիան էքսփօ» կեդրոնին մէջ կազմակերպած է «Արտադրուած է Հայաստանում-2016» ցուցահանդէսը, որուն բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեանը: «Իբրեւ նախարար ինծի համար հպարտութեան զգացում է բոլոր տաղաւարներուն մէջ հայկական արտադրութիւններ տեսնելը եւ զգալը, որ անոնք որակ ունին, միջազգային մակարդակով անհրաժեշտ մրցակցութեան պայմանները կ՛ամբողջացնեն: Ասիկա մեր...




















