Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրաքանչիւր Աշխատող Ամսական 1000 Դրամ Պիտի Վճարէ Բանակին

November 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vicken_111016

10 նոյեմբերի կառավարութեան նիստին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է որոշման նախագիծ` զինուորներու կեանքին եւ առողջութեան հասած վնասներու փոխհատուցման, անոնց ընտանիքներու անդամներուն ընկերային ապահովութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու, պետական կենսաթոշակներուն վերաբերող օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որով կ՛առաջարկուի հատուցում վճարել ընտանիքներուն այն զինուորներուն, որոնք մահացած կամ հաշմանդամ եղած են մարտական գործողութիւններու, շփման գիծին մէջ մարտական հերթապահութեան կամ յատուկ պարտականութիւն կատարելու ատեն:

«Ապրիլ 2016-ի դէպքերը ցոյց տուին, որ ծաւալուն մարտական գործողութիւններու արդիւնքով զինուորներու կեանքին եւ առողջութեան պատճառուող վնասները միայն Հայաստանի պիւտճէի նախատեսուած միջոցներով եւ ամբողջ ծաւալով հոգալ կարելի չէ, եւ այդ պատճառով անհրաժեշտ են լրացուցիչ ֆինանսական աղբիւրներ եւ նոր համակարգ: Այդ նպատակով, նախագահին յանձնարարութեամբ, կը մշակուի ծրագիր, որ կը նախատէ ներդնել հատուցման յատուկ համակարգ, որ կը ներառէ  պետական եւ հասարակական աջակցութեան տարրեր: Համակարգի յենասիւնը` իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ունեցող հիմնադրամը, կը միաւորէ ստացուող դրամական միջոցները` ապահովելով այդ միջոցներու մասնագիտական կառավարումը, իսկ յառաջացած միջոցներու հաշուոյն կը փոխհատուցուին զինուորներուն կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասները: Զինուորներու մահուան պարագային հատուցման գումարները կը վճարուին անոնց ընտանիքներու անդամներուն: Համակարգը նախատեսուած է ներդնել 28 յունուար 2017-էն ետք յառաջացող դէպքերու համար», ըսած է նախարարը:

Անոր համաձայն, մահուան եւ առաջին կարգի հաշմանդամութեան պարագային մէկ անգամով կը վճարուի  10 միլիոն դրամ, երկրորդ կարգի հաշմանդամութեան պարագային` 5 միլիոն դրամ:

Ան նաեւ խօսած է այս նպատակով գումար գոյացնելու ձեւերուն մասին` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր անձ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս աշխատանքին: «Հիմնադրամի հատուցումները վճարելու համար անհրաժեշտ դրամական միջոցները կը ձեւաւորուին հետեւեալ աղբիւրներէն` իւրաքանչիւր աշխատող ֆիզիքական անձ կը վճարէ ամսական 1000 դրամ` իր աշխատավարձէն, արժեթուղթերու վաճառքէն, դրամաշնորհներէ, նուիրատուութիւններէ: Հիմնադրամը կ՛ունենայ կառավարման համակարգ` կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան  եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ  կազմուած հոգաբարձուներու խորհուրդ, կ՛ունենայ գործադիր տնօրէն, գործադիր յանձնախումբ, որուն միակ գործառոյթը հիմնադրամի միջոցներու մասնագիտական կառավարումը պէտք է ըլլայ», յայտնած է Վիգէն Սարգսեան:

Ան նշած է, որ ծրարը կարելիութեան պարագային պէտք է նկատել անյետաձգելի եւ յառաջիկայ տարի իսկ սկսի գործադրուիլ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեանին Նոր Յանձնարարականը` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

Յաջորդը

«Չափազանց Կարեւոր Նախաձեռնութիւն Է». Վարչապետը` Լոքեանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.