Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

November 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sargsyan_uae_110916

9 նոյեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Դիմաւորումի պաշտօնական արարողութիւններէն ետք նախագահ Սարգսեան եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի միջեւ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ. անոր յաջորդած է Սերժ Սարգսեանի եւ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի դռնփակ առանձնազրոյցը:

Նշելով, որ Հայաստան հետամուտ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման եւ համախմբուած ու փոխադարձ գործակցութեան զարգացման, հանրապետութեան նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ այս պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններն ու կնքուելիք պայմանաւորուածութիւնները իրենց զգալի դերը պիտի ունենան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման մէջ:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Արաբական Էմիրութիւններուն միջեւ վերջին տասնամեակին յարաբերութիւնները զարգացման նոր եւ աւելի գործնական փուլ թեւակոխած են, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան վերաբերող երկու տասնեակէ աւելի փաստաթուղթեր, որոնց վրայ պիտի աւելնան նորերը` այդ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան վրայ հիմնուած Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու, որոնց կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջպետական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան: Երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ պաշտօնական անձնաւորութիւնները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ պարբերաբար կայացող քաղաքական խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները:

Հայաստանի նախագահը եւ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիան երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան ներկայի կշռոյթը խթանելու իմաստով կարեւոր նկատած են միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքը, որ, անոնց համոզումով, նպաստաւոր հարթակ պիտի ըլլայ փոխադարձ շուկաներու ուսումնասիրութեան, տարբեր մարզերու մէջ շահաւէտ ներդրումներու իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու եւ նորարարութիւններու ընթացքին հետեւելու: Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ էմիրաթական ներդրումներու ներգրաւումը աւելի աշխուժացնել եւ գործնական դարձնել` արդիւնաւէտ ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան ճամբով:

Հանդիպումին ընթացքին բացի երկկողմանի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներէն, նաեւ անդրադարձ կատարուած է միջազգային հարցերուն, միջինարեւելեան ճգնաժամին, շրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին:

Նոյն օրը նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, նախագահական հարցերով նախարար շէյխ Մանսուր պըն Զայէտ ալ Նահիանի հետ:

sargsyan_uae1_110916

Նախագահ Սարգսեան այցելած է Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի, եկեղեցւոյ կից գործող «Արա Խանոյեան»  կիրակնօրեայ վարժարան, շէյխ Զայէտ Մեծ մզկիթ եւ Հայաստանի դեսպանատուն: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է եկեղեցւոյ արժէքին` հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ու յարատեւութեան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխող ընտանիքին` ի դէմս Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, որ կարելիութիւն տուած է հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին շինելու: Ան ընդգծած է, որ արաբական աշխարհի սրտին վրայ կանգնեցուած այս եկեղեցին միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ու համակրանքի խօսուն վկան է, որ բարեբեր հող կը ստեղծէ նաեւ տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու խաղաղ համակեցութեան համար: Ազգային առաջնորդարանին մէջ նախագահ Ս. Սարգսեան կարճատեւ հանդիպում ունեցած է գաղութի եւ եկեղեցական գործիչներու հետ:

Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր նախագահ շէյխ Զայէտի անուան Մեծ մզկիթ այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան մզկիթին մէջ գտնուող դամբարանին առջեւ յարգանքի տուրք մատուցած է շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահիանի յիշատակին եւ գրառում կատարած պատուոյ մատեանին մէջ:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակման արարողութիւն:

sargsyan_uae2_110916

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան առաջին օրուան աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցած է գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Ընդունիլ Շնորհաւորութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպումներ Ունեցաւ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

Յաջորդը

«Մենք Գիտենք Ինչպէս Գործել Երկրի Քաղաքական Համակարգին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.