
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 նոյեմբերին հանրապետութեան կեդրոնական հատուածին մէջ հետեւած է պաշտպանութեան բանակի ռազմափորձերուն` զանոնք եւ անոնց արդիւնքները գոհացուցիչ նկատելով:
Իր խօսքին մէջ երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ պաշտպանութեան բանակը մեր անկախ պետականաշինութեան մեծագոյն ձեռքբերումն է, մեր երկրի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիքը, շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ամէնէն ազդեցիկ գործօններէն մէկը:
«Մենք` բոլորս, ամբողջ հայութիւնը կը հպարտանանք մեր քաջարի զինուորներով, որոնք իրենց ամէնօրեայ համեստ ու խիզախ կեցուածքով պատուով կ՛իրականացնեն հայրենիքի պաշտպանի սուրբ առաքելութիւնը` իւրաքանչիւր վայրկեան պատրաստ ըլլալով կասեցնելու թշնամիին որեւէ ոտնձգութիւն», նշած է նախագահ Սահակեան:
Նախագահ Բակօ Սահակեանի համաձայն, պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը, հրամանատարական բոլոր օղակները այս ու միւս ռազմափորձերէն պիտի կատարեն անհրաժեշտ հետեւութիւններ եւ համապատասխան աշխատանք` զինուած ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման նպատակով:
Ան արժէքաւոր նուէրներ յանձնած է ռազմափորձերուն ընթացքին բարձր արդիւնքներ արձանագրած խումբ մը զինուորներու:
 
			

