ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այն հարցին, թէ Ուաշինկթըն Հայկական հարցին վերաբերեալ եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ մօտեցումներ պիտի որդեգրէ:
Մանոյեան համաձայն չէ այն գնահատականներուն, թէ հայ համայնքը Հայկական հարցին շուրջ թեկնածուներուն հետ աշխատելու ընթացքին երբեք աշխուժ չէր:
Իսկ համայնքի ոեւէ թեկնածու չպաշտպանելու հարցով Մանոյեան ըսաւ. «Հիլըրի Քլինթըն իր կեցուածքը ցոյց տուած էր` իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, եւ հայկական հարցերուն առնչուող որեւէ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերած, հետեւաբար անոր վերաբերմունքը շատ յստակ էր: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թրամփին չաջակցելուն, անոր քարոզարշաւին տրամաբանութիւններէն մէկը այն էր, որ յատուկ շահեր հետապնդող կառոյցներուն պէտք չէ տուրք տալ, ան իր մրցակիցը այս կէտին մէջ կը մեղադրէր եւ կը պայքարէր ատոր դէմ: Անոնք այդպիսի կառոյցներու հետ աշխատելու հետաքրքրութիւն չունէին, բացառութեամբ մէկ-երկուքէն, եւ ատիկա ալ պատճառ էր, որ նման աջակցութիւն չըլլայ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ասկէ ետք, ի՞նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ Սպիտակ տունը, Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Թրամփին անմիջական շրջապատին մէջ, եւ ի՛նչ ուղղութիւններով պիտի աշխատի ան:
Ըստ Մանոյեանի, եթէ որոշ պատկերացում կայ, թէ հայկական լոպիական կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեան հարցը առաջնահերթ կը նկատեն, այդ կարծիքը ճիշդ չէ: «Այդ կազմակերպութիւններուն համար կարեւորը, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու սերտացումն է տարբեր ուղղութիւններով` զինուորականէն մինչեւ տնտեսական, հետեւաբար անոնք իրենց աշխատանքները այդ ուղղութեամբ կը կատարեն: Բնականաբար, կայ նաեւ Արցախի հարցը: Ցեղասպանութեան խնդիրը եւս ինքնանպատակ չէ: Սակայն ատիկա հայկական լոպիի ուժի ազդեցութեան խնդիրն է. եթէ ցոյց տայ, որ ինք զօրաւոր է, Հայաստանը կ՛օգտուի», ըսաւ Մանոյեան:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան յարաբերութիւնները կախեալ են Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ – Իրան յարաբերութիւններու զարգացումէն:
Ըստ Մանոյեանի, Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելը Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն վրայ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: «Ճնշումներ բանեցնելու օրինակներէն մէկը Ցեղասպանութիւնն էր, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ կուսակցութեան հարցը կը բարձրացուի: Այս բոլոր քայլերը ոչ թէ հակաթրքական գործունէութիւն են, այլ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրելու ձեւ», ըսաւ ան:
Մանոյեանի կարծիքով` մեզի համար Միացեալ Նահանգներ – Իրան յարաբերութիւններու խնդիրը մտահոգիչ է: «Եթէ յանկարծ Թրամփը իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին արտայայտած գաղափարները գործադրէ եւ փորձէ հիւլէական կայանի համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսիլ, ապա ատիկա շրջանին մէջ նոր լարուածութիւններ ստեղծելու առիթ պիտի տայ, որ Հայաստանին համար այդքան ալ օգտակար չէ», ըսաւ ան: