Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տանըլտ Թրամփ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահ

Նոյեմբեր 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump_110916

Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, միլիառատէր Տանըլտ Թրամփ 8 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութեան մատնելէ ետք իր դեմոկրատական մրցակից, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթընը, դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը:

Հանրապետական թեկնածուն սուր մրցակցութեան թատերաբեմ եղող նահանգներու` Ֆլորիտայի, Օհայոյի եւ Նորթ Քարոլայնայի մէջ յաղթանակ արձանագրելով պարտութեան մատնեց Քլինթընը` հակառակ հարցախոյզներու նախատեսութիւններուն:

Համաշխարհային սակարանները, քարիւղի գինը եւ տոլարի արժէքը անկում կրեցին, իսկ ոսկիին գինը բարձրացաւ, երբ քուէահամարի ընթացքին Թրամփի ընտրութիւնը սկսաւ շօշափելի դառնալ: Բացառութիւն էր Մոսկուայի սակարանը, որ աճ արձանագրեց:

Նշենք, որ գործադիր իշխանութեան պետը եղող նախագահի ընտրութեան կողքին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հանրապետական կուսակցութիւնը գործադիր իշխանութեան կողքին իր վերահսկողութեան տակ առաւ նաեւ ամբողջ Քոնկրեսը` Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելով:

Նշենք նաեւ, որ մեծաթիւ ամերիկացիներու Քանատայի քաղաքացիութեան դիմումներուն պատճառով Քանատայի ներգաղթի յատուկ կայքի աշխատանքը խանգարուեցաւ:

Ընտրուած նախագահը Նիւ Եորքի մէջ իր յաղթանակի հաւաքին ընթացքին խօսք առնելով ըսաւ. «Հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացայ արտաքին գործոց նախարար Քլինթընէն: Ան շնորհաւորեց մեզ մեր արձանագրած յաղթանակին համար:

«Հիլըրի ժրաջանօրէն աշխատած է երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ, եւ մեր երկրին նկատմամբ անոր ծառայութեան համար մենք անոր կը պարտինք մեծ երախտագիտութիւն», շեշտեց ան:

«Ժամանակն է, որ քով-քովի գանք` իբրեւ մէկ միացեալ ժողովուրդ», աւելցուց ան` ընդգծելով, որ ինք պիտի ըլլայ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը:

Քլինթըն երէկ երեկոյեան խօսք առնելով յայտնեց. «Նախագահական ընտրութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայրենիքը մեր նախատեսածէն շատ աւելի պառակտուած է»: «Ամերիկեան երազը մեծ է եւ կը բաւէ բոլորին, ինչ ալ ըլլայ անոնց ծագումը», նշեց ան:

Քլինթըն նաեւ յայտարարեց, որ Թրամփին առաջարկած է իրեն հետ գործակցիլ Ամերիկայի համար, եւ յոյս յայտնեց, որ Թրամփ յաջող նախագահ մը ըլլայ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Թրամփը եւ կոչ ուղղեց` միասնաբար աշխատելու Մոսկուա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Թրամփի առաջին յայտարարութիւնները ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու տեղաշարժի յոյս կը ներշնչեն` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան արդիւնքները չեն նշանակեր, թէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ վիճելի հարցերը մէկ ակնթարթի մէջ պիտի լուծուին: «Յիմարութիւն պիտի ըլլար այդպէս կարծել: Սակայն հիմնականը քաղաքական կամք ունենալն է եւ վիճելի հարցերը բանակցութիւններու միջոցով եւ ոչ թէ ճակատումի կամ որեւէ անհեթեթ ահաբեկումներու միջոցով լուծելու մտադրութիւն», ընդգծեց Փեսքով:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին շնորհաւորեց Թրամփը եւ անոր ընտրութիւնը նկատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման առիթ մը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Թրամփին կոչ ուղղեց յարգելու միջազգային համաձայնութիւնները:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ նշեց, որ Թրամփի յաղթանակը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփի յաղթանակը անորոշութեան ժամանակաշրջան մը կը բանայ: Ըստ անոր, այդ ընտրութիւններէ ետք Ֆրանսան պէտք է աւելի հզօրանայ եւ Եւրոպան աւելի միասնական դառնայ:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն յայտարարութենէն ետք, Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր եւ անկարգութիւններ, որոնց մասնակիցները կը բացագանչէին` «Ան մեր նախագահը չէ»:

Նախորդը

Գերմանիա Թուրքիոյ Կացութիւնը Տագնապեցնող Եւ Գերմանիոյ Դէմ Անոր Յայտարարութիւնները Անհասկնալի Կը Նկատէ

Յաջորդը

Պեքաայի Մէջ Բանակը Բախումներ Կ՛ունենայ Զինեալ Խմբաւորումի Մը Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?