Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին աչքերը բաց են. մենք գիտենք ինչպէս գործել երկրի քաղաքական համակարգին մէջ: Այս մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի յաղթանակին` Արամ Համբարեան նշեց. «Մենք դաս քաղած ենք, որ նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ոչ մէկ թեկնածու եւ ոչ մէկ կուսակցութիւն բանալի է մեր խնդիրներու լուծման համար: Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր յաջողութեան իսկական շարժիչն ու բանալին մեր համայնքի կազմակերպումն ու ներուժն է, որ գործադրուած է քաղաքական հոլովոյթներու ընթացքին: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու Տանըլտ Թրամփի ու Սպիտակ տան հետ` մեր խնդիրներուն լուծման համար: Բայց մենք նաեւ կը գիտակցինք, որ ամէնէն արժէքաւորը մեր ուժն ու կամքն են: Մենք պէտք է աշխատինք քաղաքական առաջնորդներու հետ եւ միայն մենք մեր վրայ յոյս դնենք»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թրամփի ընտրուիլը ինչպէ՛ս պիտի անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ, մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի ուղղութեամբ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը շեշտեց. «Նախ Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզարշաւի ժամանակ չէ խօսուած երկրի արտաքին քաղաքականութեան մասին ու խօսք չէ եղած Հարաւային Կովկասի մասին, երկրորդ, ինչպէս յայտնի է, քարոզարշաւը որոշակի տրամաբանութիւն ունի: Անիկա կը տարբերի իրական կառավարումէն: Հիմա մենք պէտք է տեսնենք փաստերը, բառերը կարեւոր չեն: Մեր աչքերը բաց են: Մենք բազմիցս տեսած ենք նոյնատիպ խնդիրներ տարբեր նախագահներու կառավարման ժամանակ` մենք տեսած ենք Ռիկընը, Պուշը, Քլինթընը, Պուշ կրտսերը, Օպաման: Մենք գիտենք, թէ որոնք են այդ մարդիկ, ու մենք ինչպէ՛ս պէտք է գործենք այդ համակարգին մէջ»: