Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Նոյեմբեր 12, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dasnabedian1_111116

Երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 15-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին:

dasnabedian5_111116dasnabedian4_111116Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն երգեցողութեամբ` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի: Երգչախումբը մեկնաբանեց նաեւ «Զարթիր որդեակ» եւ «Հայրենիքի կարօտ ու սէր» երգերը, որմէ ետք Յաւերժ Շխրտըմեան կարդաց Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» գիրքէն հատուածներ:

dasnabedian2_111116ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Շահան Գանտահարեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ «Քրիստափոր» կոմիտէին կողմէ Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 15-ամեակի ոգեկոչման հանդիսավայրը պատահական ընտրութիւն չէ, որովհետեւ այս սրահին մէջ Հրաչ Տասնապետեան ոչ միայն կազմակերպած է աշակերտական լսարաններ, մշակութային ձեռնարկներ,  այլեւ ներշնչած է հայ մշակութային գլուխ-գործոցներու ցուցահանդէսներ, հայկական ճարտարապետական կոթողներու մասին դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ:

Շահան Գանտահարեան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նորացուած սահմանադրութիւնը,  դէպի միաւորման եւ համաձայնական կառավարութեան տանող վարքագիծի ամրագրող իրաւական համակարգ է, որ Դաշնակցութեան ենթարկուած ամէնէն ծանր հալածանքի օրերուն Հրաչ Տասնապետեանի բանաձեւումով շրջանառութեան մէջ դրուած է հայրենի մամուլին ճամբով` պետական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ: Մատնանշելով յանուն յեղափոխութեան կատարուող գործողութիւնները՝ ան  ըսաւ, թէ չեն ազդուիր անոնք, որոնք իւրացուցած են Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակած «Յեղափոխութիւն» ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր տողը: Անոնք, որոնք աշակերտած են Հրաչ Տասնապետեանին, կրնան շատ արագ կշռադատել, վերլուծել եւ արագ եզրակացնել, թէ ո՛րն է ապազգայինը, խաբուսիկը, անցողիկը, կարգախօսներ օգտագործող ժողովրդահաճոյ, բայց աժան յայտարարութիւնը:

Շ. Գանտահարեան դիտել տուաւ, թէ նորերու պատրաստութիւնը, գաղափարական հէնքի վրայ սերնդափոխութեան ենթահող պատրաստելը հինէն եկած եւ Տասնապետեաններու օրով շարունակուած կուսակցական վարքագիծ է: «Որովհետեւ միայն կուսակցական արժէքաբանութեան հարազատ մարդն էր, անոր իւրաքանչիւր բաղադրիչին ետին կանգնած բարոյական սկզբունքներուն իրազեկուածը, գործի ճամբով դաստիարակուածը եւ մեծերուն գուրգուրանքին արժանացածը, որ կը յաջողէր պահպանել վարքագիծերուն հետեւողականութիւնը, ժամանակին առընթեր փոխել եղանակները, բայց պահպանել էութիւնն ու գաղափարականը, ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ», ըսաւ ան: (Խօսքին ամբողջութիւնը):

dasnabedian3_111116Ցուցադրուեցաւ Հրաչ Տասնապետեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին վկայող տեսերիզ մը: Ապա խօսք առաւ Միհրան Քիւրտօղլեան: Ան իր խօսքի ընթացքին յառաջ քաշեց Հրաչ Տասնապետեան մտաւորականի յատկանիշները եւ ըսաւ, թէ Հրաչ Տասնապետեանը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն պայքարող մարդու պերճախօս ցուցանիշ մը դարձած էր, որ մնալով պատնէշին վրայ, խթանած էր ինքզինք ու  գործակիցները` ամէն գնով ապահովելու համար Ճեմարանի կրթական գործին անխափան շարունակականութիւնը:

Միհրան Քիւրտօղլեան խօսելով իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ քարտուղար Հրաչ Տասնապետեանի ներդրումին մասին` յայտնեց, թէ անոր գրիչին պատկանող ատենագրութիւններու, նամակներու, տեղեկագիրներու, շրջաբերականներու, վերլուծական գրութիւններու, մամլոյ ուղեցոյցներու, յօդուածներու եւ այլ գրութիւններու հանրագումարը պատկառելի ժառանգ է, որ քանակով ու որակով կը հարստացնէ դաշնակցական գրականութիւնը:

Մ. Քիւրտօղլեան հաստատեց նաեւ, որ Հրաչ Տասնապետեանի ամբողջ կեանքը ինքնամշակումի, գիտութիւն ամբարելու եւ ամբարածը հասարակութեան բաշխելու ճգնութիւն մը եղած է, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հրաչ Տասնապետեան իր էութեան մինչեւ յետին բջիջները կուսակցական էր, բայց ոչ` կուսակցամոլ: Ան դաշնակցականի տիպարը ապրեցուց իր մէջ, անոր վայել կենցաղով ապրեցաւ ու գործեց  ամբողջ կեանքի տեւողութեան, որուն համար ալ անվերապահ յարգանքը ունեցաւ ոչ միայն իր անմիջական շրջապատին ու կուսակցական շարքերուն, այլեւ հասարակութեան լայն շերտերուն»: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):

Արթուր Մեսճեանի կատարողութեամբ երգի մը տեսերիզին ցուցադրութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին: Պէտք է նշել, որ ներկաներուն տրամադրուեցաւ Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» գրքոյկը:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?