Աղուան Վարդանեան. «Մենք Որեւէ Խնդիր Չունինք Վարչապետին Հետ»
«Երկիր մետիա»-ի «Երկիրն այսօր» լրատուական հաղորդումէն` պատասխանելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործունէութեան վերաբերող հարցումի մը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ տակաւին կանուխ է գնահատական տալը: «Ընդամէնը մէկ շաբաթ է, որ Կարէն Կարապետեանը իբրեւ վարչապետ կը գործէ: Բայց ըսեմ հետեւեալը` վարչապետին հետ ունեցած ենք տեւական հանդիպումներ, ուր քննարկած ենք ե՛ւ երկրին առջեւ...



















