Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շեշտեց Տնտեսական Ամբողջական Ծրագիրի Մը Գոյութեան Կարեւորութիւնը

November 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_ghabroyan_110816

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ անոր ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները:

aoun_banks_110816

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Թարապէյի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց տնտեսական ամբողջական ծրագիրի մը գոյութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ տարբեր նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքները համադրելու, ինչպէս նաեւ ծրագրաւորումի վրայ, որովհետեւ առանց ծրագրաւորումի անկարելի է պետութիւն կերտել:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի տնտեսութիւնը շօշափելի բարելաւում արձանագրած է` աւելցնելով, որ ետդարձ պէտք չէ արձանագրուի:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ առաջնահերթութիւնը ընծայուի բարգաւաճման ծրագիրներու ֆինանսաւորումին` աւելցնելով, որ ապահովական եւ քաղաքական կայունութեան վրայ պէտք է աւելնայ նաեւ տնտեսական կայունութիւնը, որպէսզի անիկա գրաւէ արաբ եւ օտար ներդրողներուն ուշադրութիւնը:

Իր կարգին, Թարապէյ բոլոր դրամատուներուն անունով շնորհաւորեց նախագահ Աունը` դրուատելով անոր երդման ճառին բոլոր սկզբունքները, ինչպէս նաեւ անդրադառնալով այն իրականութեան, որ զօր. Աունի նախագահ ընտրուելէն ետք դրամատուներու շուկային եւ տնտեսական մարզին մէջ նկատուած է հանգստութիւն մը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ, որ շնորհաւորեց զօր. Աունը` անոր հետ քննարկելով լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մուաուատ նախագահ Աունի յանձնեց իր հօր` հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի նահատակութեան առիթով 4 դեկտեմբերին կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութեան հրաւէրը:

Մուաուատ յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Աունին` բարձր գնահատելով անոր նախագահական երդման ճառը:

Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը` մաղթելով, որ անոր իշխանութեան առաջին օրէն սկսած լաւատեսութիւնն ու դրական մթնոլորտը ամբողջ պաշտօնավարութեան շրջանին մնայ տիրական:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շնորհաւորեց նախագահ Աունը` յայտնելով, որ ինք համոզուած է, թէ նախագահ Աուն քաղաքական իր հարուստ փորձառութիւնը պիտի ծառայեցնէ ի շահ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

«Ձեր ղեկավարութեամբ Լիբանան պիտի շարունակէ իր ուղին` դէպի ազգային միասնականութեան եւ գերիշխանութեան ամրապնդում», նշեց Լաւրով:

Նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ նաեւ Յունաստանի եւ Ֆինլանտայի նախագահներէն:

Նախորդը

Զարիֆ Ընդգծեց Թեհրանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին` Մաղթելով, Որ Լիբանանի Կառավարութիւնը Շուտով Կազմուի

Յաջորդը

Մամետեարով Պատրաստ Է Հանդիպելու Նալբանդեանի Հետ

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.