«Անցնող Շաբաթներու Դասը Բաւարար Պէտք Է Ըլլայ, Որ Կառավարութեան Ծրագիրի Կասեցման Քայլեր Անգամ Մը Եւս Չառնուին» «Օ. Թի. Վի.»-ին Եւ «Նիւ. Թի. Վի.»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Նիւ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին: Բագրատունի ըսաւ. «Շուրջ 1 ամիս ժողովուրդը տագնապի մէջ պահելէ ետք, փաստօրէն վերադարձած ենք կառավարութեան հիմնական ծրագիրին, որուն բարելաւման համար արդէն իսկ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կը կատարուէին վարչապետ Սալամի եւ Վերակառուցման ու բարգաւաճման խորհուրդին...




















