
10 նոյեմբերի կառավարութեան նիստին տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է շարք մը օրէնքներու մէջ` «Տեղական տուրքերու եւ վճարներու մասին», «Աղբահանութեան եւ առողջապահական մաքրման մասին», «Երթեւեկութեան միջոցներու կայանատեղերու տեղական տուրքի մասին», «Շահութահարկի մասին», փոփոխութիւններ եւ լրացումներ ընելու վերաբերող նախագիծերու ծրարը կառավարութեան հաւանութեան արժանացնելու հարցը:
Օրէնքի կարգաւորման թիրախն է կանոնակարգել համայնքային տուրքերու ու վճարումներու գանձման ընդհանուր մեքանիզմները, փոխել որոշակի չափորոշիչներ` համայնքի գտնուելու վայրին կամ սահմանամերձ ըլլալու հանգամանքին հետ կապուած, աւելցնել վճարումներու որոշակի չափ, որ յաւելեալ մուտք պիտի ապահովէ տուեալ համայնքի պիւտճէին:
Վարչապետը, դիմելով Լոքեանին, ըսած է, որ ասիկա չափազանց կարեւոր նախաձեռնութիւն է: «Մենք մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի բոլոր մարզերը այցելութիւններ պիտի կազմակերպենք, պիտի հանդիպինք համայնքապետներու, մարզպետներու հետ` քննարկելու, թէ ի՛նչ ծրագիրներ պէտք է իրականացնենք, որ նպաստենք այդ տարածքներու զարգացման, ի՛նչ բեռ անոնք պէտք է վերցնեն, որուն հիման վրայ պայմանաւորուած կ՛ըլլայ պիւտճէի վերաբերմունքը: Այդ պատճառով իւրաքանչիւր համայնքապետ պէտք է մէկ բան գիտակցի, որ մենք անոր կողքին պիտի կանգնինք այն ժամանակ, եթէ պատասխանատուութեան բեռ կը վերցնէ իր վրայ, հանդէս կու գայ նախաձեռնութեամբ, այլ ոչ թէ անընդհատ կը պահանջէ ու որեւէ քայլի չի ձեռնարկեր», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ համայնքներուն ֆինանսական հիմքերը պիտի ճշդուին հետագային:


