10 նոյեմբերի կառավարութեան նիստի օրակարգին անցնելէ առաջ, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին վերաբերող յանձնարարական տուած է արտաքին գործոց նախարարութեան: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարին յանձնարարուած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի ներկայացուցիչներուն հետ շաբաթը անգամ մը քննարկել այն հարցը, որով դիմած են ինքնին այդ մարզի ներկայացուցիչները, որոնք խնդրած են 15 երկիրներու մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատուներուն մէջ օգտագործել այդ հարթակը եւ ունենալ ներկայացուցիչ:
Վարչապետը աւելցուցած է, որ ատիկա յաւելեալ ծախսեր չի պատճառեր պիւտճէին, որովհետեւ ծախսերը պիտի հոգայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզը: Կարէն Կարապետեան դիմած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ գործարար մարզի ներկայացուցիչներուն` իրենց մօտ եւս նման հարթակի ստեղծման մասին մտածելու: