Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններուն Մէջ Ոչ Մէկ Զարգացում Կ՛ակնկալուի

November 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

giro_110916

Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ ակնյայտ զարգացում կ՛ակնկալուի: Այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Ըստ Մանոյեանի, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացումը որոշ չափով կախեալ է նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա, նաեւ` Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացումէն. «Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները պիտի մնան այնպէս, ինչպէս էին մինչեւ օրս, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կախեալ են Ռուսիա- Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացումէն: Եթէ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութիւնները աւելի մեղմանան, Հայաստանը կրնայ որոշ չափով շահիլ, սակայն ասիկա միայն տուեալ հանգամանքով չէ պայմանաւորուած, այլեւ` հայկական-ամերիկեան յարաբերութիւնները կապուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացումէն», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը այս առիթով կազմակերպած քարոզարշաւին ընթացքին նախագահի երկու թեկնածուներէն ոչ ոքի աջակցած է, բայց եւ այնպէս պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը նոր վարչակազմին հետ: «Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ոչ ոքի նկատմամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ մեծ ակնկալիքներ չունինք իրենցմէ: Սակայն, ասիկա դրական է այնքանով, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի աշխատելու նաեւ այս վարչակազմին հետ: Կը կարծեմ, թէ ձեւ մը կ՛որդեգրեն եւ որոշ չափով կ՛աշխատին», դիտել տուած է ան:

Մանոյեան նաեւ նշած է, որ, ըստ իրեն, Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը անակնկալ էր. «Փաստօրէն անոր յաղթանակը կը խօսի այն մասին, որ Ամերիկայի ընտրողներուն կէսէն աւելին դժգոհ էին գործող համակարգէն, ինչ որ Թրամփը ընտրելու հիմնական պատճառներէն մէկն էր: Հանրապետականէն դժգոհ էին, իսկ Հանրապետական կուսակցութիւնը Տանըլտ Թրամփին հետ այդքան լաւ յարաբերութիւններու մէջ չէր»:

 

 

Նախորդը

«Մենք Գիտենք Ինչպէս Գործել Երկրի Քաղաքական Համակարգին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Տանըլտ Թրամփին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.