
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 4 նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան լոյսին տակ Ստեփանակերտ մեկնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան, որ աշխատանքային քննարկումներ կատարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հետ:
Օրակարգի վրայ էին երկու նախարարութիւններուն միջեւ առկայ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման հարցերը, երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ եւրոպական ուղղութեամբ տարուող աշխատանքի համակարգումը:
5 նոյեմբերին Կարէն Նազարեան այցելած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հարցերն ու ամփոփուած տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատած է Ստեփանակերտի եւ Երեւանի միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու, աշխատանքային այցելութիւններու ու հանդիպումներու կայացումը:


