Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Խորհրդատու Մարմինի Այցելութիւնը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

November 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vehapar_karageuzian_110816

Լիբանանի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ խորհրդատու մարմինի անդամներ Կարպիս Մարգարեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, Սօսի Պալեան, Ռաֆայէլ Ումուտեան, դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, Ազատուհի Սիմոնեան եւ Վահէ Պարսումեան Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ունեցան յատուկ խորհրդակցութիւն:

Հաստատութեան տնօրէնն ու խորհրդատու մարմինի անդամները վեհափառ հօր ներկայացուցին հաստատութեան ունեցած դրական ներդրումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր ընդարձակուած աշխատանքային դաշտին մատուցած արդիւնաբեր ծառայութիւնները: Անոնք յայտնեցին, որ հաստատութիւնը ոչ միայն առողջապահական եւ բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ, այլ նաեւ ընկերային-հոգեբանական միջոցառումներու ընդմէջէն, ինչպէս` կիներու բարգաւաճման ծրագիր, սերտարան, ամառնային դպրոց եւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոն, մասնագիտական ծառայողական ներդրում կ՛ունենայ հայ ազգի զաւակներուն կեանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին բարձրօրէն գնահատեց օգտաշատ գործունէութիւնը հաստատութեան, որ կը ձգտի հասնիլ ոչ միայն հայորդիներուն, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն անխտիր, առանց ազգի եւ կրօնի խտրութեան, եւ այսպիսի կեցուածքի շնորհիւ հաստատութիւնը կը շահի յարգանքն ու համարումը միջազգային եւ տեղական կառոյցներուն:

Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ հաստատութեան տնօրէնը, խնամակալ մարմինն ու պաշտօնէութիւնը մօտէն առնչուելով ժողովուրդի ցաւերուն հետ, կրնան աւելի ճիշդ կերպով բնորոշել հարցերն ու դժուարութիւնները եւ ըստ այնմ որոշել օգնութեան եղանակներն ու անոնց կարիքներուն բաւարարութիւն տալու միջոցները:

Աւարտին ներկաները հաւաքական նկար մը ունեցան վեհափառ հօր հետ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.