Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Եւ Յունաստան Ստորագրած Են 2017-ի Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիր

November 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armenia-greece-agreement_111516

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 15 նոյեմբերին տեղի ունեցած են հայ-յունական երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան տարեկան բանակցութիւնները, որոնց մասնակցած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի միջազգային յարաբերութիւններու վարչութեան պետ, զօրավար Միլթիատիս Կրիլլաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են 2016-ի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցուած եւ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2017-ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը, որուն մէջ ներառուած են միացեալ վարժանքներ եւ կրթական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու մէջ փորձառութեան փոխանակման նախաձեռնութիւններ:

Բանակցութիւններու ամփոփման նպատակով Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պատուիրակութիւնը ընդունուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ: Կողմերը բարձր գնահատած են բանակցութիւններուն արդիւնքները եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան մակարդակը: Բանակցութիւններուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Փեքինի Համալսարանին Մէջ Հայոց Լեզուն Պիտի Դասաւանդուի Իբրեւ Առանձին Մասնագիտութիւն

Յաջորդը

Հասան Ռուհանի Հայաստան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.