Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրավիճակի Սրում` Շփման Գիծին Մէջ. Հակառակորդը Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակած Է 37 Արկ

Նոյեմբեր 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ երէկ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի շփման որոշ հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական զինուժը շարունակած է իրականացնել սադրիչ գործողութիւններ:

11 նոյեմբերին, ժամը 12:15-էն սկսեալ, հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ ռմբակոծած է առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ եւ Եարըմճա)  ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Յատկապէս բուռն ռմբակոծութեան ենթարկուած են Եարըմճա գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը:

Հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար Պաշտպանութեան բանակի  յառաջապահ զօրամասերը ձեռնարկած են պատասխան գործողութիւններու:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ սահմանային լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ազրպէյճանական կողմին վրայ:

babayan_111116

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ հակառակորդին կողմէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու ռմբակոծումը որեւէ բանով պայմանաւորուած չէ եւ ատիկա Ազրպէյճանի պետութեան էութիւնն է:

Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ որքան Ազրպէյճանի ընկերային-տնտեսական վիճակը կը բարդանայ, այնքան այդ երկիրը ապակառուցողական դիրք կ՛ընդունի, կրկին կը շահարկուի  արտաքին թշնամիի կերպարը, որպէսզի բնակչութիւնը շեղէ առկայ խնդիրներէն, ինչ որ նաեւ կանխատեսելի է:

«Ամէն ինչ կը կատարուի մեր բանակին մարտունակութիւնը բարձր պահելու համար, ինչ որ  ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն գործուն մեքանիզմն է, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանուի: Ուրիշ տարբերակ չկայ», ըսած է ան եւ վստահեցուցած, որ միշտ ալ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Սակայն խօսիլ այն մասին, որ կայ նախապատերազմական վիճակ, ատիկա վստահաբար այդպէս չէ, բայց այն, որ հաւանականութիւնը քիչ է, ատիկա չի նշանակեր, որ մեր զգօնութիւնն ալ պէտք է քիչ ըլլայ, կամ նուազի, կամ ալ նման երեւոյթներու վրայ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնենք: Իրավիճակը կը վերահսկուի, որեւէ արտառոց բան չկայ», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի համանախագահողներու արձագանգին, ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը մէջբերեց երկու օր առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, բանակցային ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ: «Այդ յայտարարութիւնը կատարուած է այս ռազմափորձերուն նախօրէին, ինչ որ յստակ պատգամ է, որ Ազրպէյճանը յանկարծ չմտածէ իրավիճակը ապակայունացնելու մասին», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Թուրքիոյ Վրայ Ճնշում Գործադրելը Դրական Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւններուն Վրայ

Յաջորդը

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?