Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պահու Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 17, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

baabda-palace_khemp

Նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը մէկ կողմէ ընդհանուր բարոյահոգեբանական առումով դրական արձագանգումներ գտան լիբանանեան հասարակութեան մօտ, միւս կողմէ նաեւ որոշ շրջանակներու կողմէ վերապահութեան, չխանդավառուելու եւ թերահաւատութեամբ մօտենալու դրսեւորումներու արժանացան:

Փոփոխութիւնը, բարեկարգումը մնայուն աշխատակարգի վերածելը վարչակառավարման առումով միայն դրական մթնոլորտի ստեղծման եւ անկէ աւելին` աշխատանքի արդիւնաւորման ազդող հզօր ազդակ են:

Եւ եթէ նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը միաւորման ընդհանուր մթնոլորտի յառաջացման դրական առումով կը նպաստեն, ապա կառավարութեան կազմութիւնն է, որ գործնական շօշափելի անմիջական արդիւնքները զգալի կը դարձնէ ուղղակի ժողովուրդին մօտ:

Եւ այստեղ է, որ էջ դարձնելու, նոր սկիզբ ապահովելու, հինէն մնացած անլոյծ խնդիրները իրենց լուծման հունին մէջ դնելու, մէկ խօսքով` հեռանկար բանալու առիթին ծառայելու պահն է, որ կը ստեղծուի:

Այդ պահը, այդ մոմենթը, բաց չթողելու հարկադրանքին առջեւ է այսօր պետականութիւնը ամբողջ: Երկար ատեն անդամալուծուած վիճակէն դուրս գալու կամք ցոյց տալէ, միաւորուելէ, ընտրութիւն ու նշանակում յաջողցնելէ ետք, ետդարձ կատարելը պէտք է բացառել:

Կառավարութիւն կազմելու արագութիւնը, ճիշդ է, որ համաձայնական մթնոլորտի ուղղութեամբ կրնայ որոշ ցուցանիշ նկատուիլ, այսուհանդերձ առաջնակարգ իրականացնելիք կէտ պէտք չէ ըլլայ անպայման, որքան համակողմանի քննարկումներէ ետք կառավարութեան թէ՛ ձեւաչափը, թէ՛ նոր գործառոյթները ճիշդ որոշելու սկզբունքը:

Նուրբ է այս հանգրուանն ու անկէ յաջողագոյն ձեւով դուրս գալը: Անվերջ բանակցութիւններ, չափանիշներու ճշդումներ, համայնքներու իրողական ներկայացուածութեան համար դրուող պահանջներ, ստանձնելիք նախարարութիւններու համար մրցավազքեր, եւ մասամբ նորին կրնան բարդացնել ի վերջոյ կայանալիք համաձայնութիւնը:

Երբ տարբեր կողմերու միջեւ են բանակցութիւնները եւ առաջադրանքը համաձայնութիւնն է, աւելի քան անհրաժեշտ են բանակցութիւնները վարողներու ընկալելիութիւնը, առանց նախապայմաններու ներկայանալը, նախարարութիւններուն միջեւ առաջնային, երկրորդական, ուժային կամ վարչական պիտակաւորումներով տարբերութիւններ չդնելը, չափաբաժիններու արդար եւ ընդունելի տեղաբաշխումը եւ համայնքներու իրողական ներկայացուածութեան յարգումը:

Այս սկզբունքներուն առընթեր եւ գուցէ անոնցմէ առաջ նաեւ ժամանակաւոր կեանք ունեցող կառավարութեան գործառոյթներուն ընելիքներուն ճշդումը: Այս առաջնահերթութիւնը կ՛օժանդակէ նաեւ նշանակուելիք նախարարներու կերպարներու ճշդումին, մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացուելիք առաքելութիւնը նկատի ունենալով:

Այս տրամաբանութեան հետեւողութեամբ պարզ կը դառնայ, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը, անլոյծ մնացած հրատապ խնդիրները լուծման ճանապարհին տեղադրելու գործառոյթին առընթեր իբրեւ հիմնական առաքելութիւն օրակարգ ունի ընտրական օրէնքի մշակումն ու խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման համար համապատասխան ենթահող պատրաստելը:

Իսկ այս հանգրուանին, ընտրական օրինագիծը շատ աւելին է, քան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւն կայացնելը: Լիբանանեան պետական համակարգը ամբողջ միջհամայնքային համակեցութեան դրոյթին վրայ հիմնուած է: Այս համակարգը իրաւականօրէն հաստատող առաջին հաստատութիւնը օրէնսդիրն է, որուն կազմութիւնը համայնքներու իրողական ներկայացուածութիւնը յարգած ըլլալու բոլոր պատճառները ունի, բոլոր ժամանակներէն աւելի:

Լիբանանը իրաւամբ ճանչցուած է արաբական աշխարհի ամէնէն ժողովրդավարական երկիրը: Այս որակումը ամրապնդելու եւ աշխարհին համոզիչ դարձնելու կարեւոր քայլը ընտրական օրինագիծն է, խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումն է` համայնքներու ճշգրիտ ներկայացուածութիւնը ապահովելու առումով: Երբ խախտի այդ հիմնաքարը, կը խախտի ամբողջ համակարգը:

Հարցերը փոխկապակցուած են: Այս առաջադրանքներու իրագործման համար ընդգծուող հանգրուանը կառավարութեան կազմութիւնն է: Եւ այստեղ առաջնահերթը ոչ թէ արագութիւնն է, այլ գործառոյթներու ճշդումը, նոր կազմուելիք կառավարութեան հիմնական առաքելութեան ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատիլը:

Նախորդը

«Ազդակ» – Ազգային Գրադարան Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր. ՀՅԴ Մամուլի 26 Անուն Թերթեր Կը Թուայնացուին

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պիւֆոն Հաւասարեցաւ Քասիասի Հաստատած Եւրոպական Մրցանիշին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?