Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Հետ

November 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vat_111216

Վատիկան իր այցելութեան եռօրեայ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած հանդիպումին առընթեր, յաջորդաբար հետեւեալ տեսակցութիւնները ունեցաւ Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.

vat1_111216

Արամ Ա. կաթողիկոս նախ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինի հետ, որ փաստօրէն Վատիկանի վարչապետն է: Վեհափառ հայրապետին ու կարտինալին հանդիպման առանցքը դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը եւ այդ ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ միաբանութիւններու բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար արծարծուեցան հայ ու կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեանց առնչուած հարցեր:

vat2_111216

Վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպումներուն շարքին նաեւ կարեւոր էր Վատիկանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխի հետ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը, որ առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակին, կաթողիկէ ու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան եւ հայ ու կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեանց:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հետ: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց դեսպանին կատարած աշխատանքը եւ մանաւանդ Հայաստանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց զարգացման բերած կարեւոր նպաստը: Յայտնենք, որ դեսպանը Հռոմի օդակայանին մէջ վեհափառ հայրապետին անձնապէս բարի գալուստ մաղթեց` անոր Հռոմ այցելութեան առիթով:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող Լեւոնեան վարժարանը եւ գնահատեց այդտեղ կատարուող եկեղեցանուէր աշխատանքը: Յիշեալ հանդիպումներուն ու այցելութիւններուն ընթացքին վեհափառ հայրապետին ընկերացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մարաթոնը Միացուց Հազարաւորներ. Հարիրի. «Լիբանանը Շատ Լաւ Վիճակի Մէջ Է»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.