Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման համակարգի ներդրման 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին եւ շնորհաւորական խօսք յղած է յոբելեանին առիթով:
Հանրապետութեան նախագահը ձեռնարկին ընթացքին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շարք մը ներկայացուցիչներ արդիւնաւէտ եւ բարեխիղճ աշխատանքին համար պարգեւատրած է պետական պարգեւներով:
Նախագահ Սարգսեան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորաբար ըսած է.
«20 տարի առաջ` 10 նոյեմբեր 1996-ին տեղի ունեցան համայնքներու ղեկավարներու եւ աւագանիներու մեր առաջին ընտրութիւնները: Այդպիսով Հայաստանի մէջ կազմուեցաւ տեղական ինքնակառավարման նոր, ժողովրդավարական համակարգ մը, որ սկզբունքօրէն տարբեր էր նախկինէն:
«Այդ ընթացքին յաճախ յառաջ ընթացած ենք փորձարկման մեթոտաբանութեամբ, քանի որ այս մարզին մէջ մեր սեփական պատմական աւանդութիւնը վաղուց ընդհատուած էր: Այդ բացը յաճախ լրացուցած ենք միջազգային հանրութեան օգնութեամբ: Առիթէն օգտուելով` շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ներկայ գտնուող դիւանագէտներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մեզի ցուցաբերուած բազմաբնոյթ օժանդակութեան համար:
«Տեղական ինքնակառավարման համակարգի կայացման եւ կատարելագործման յատկապէս նպաստեց Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդին: Այս մարզին մէջ մեր յառաջընթացի կարեւոր գրաւականներէն էին օրէնսդրութեան համապատասխանեցումը Տեղական ինքնակառավարման եւրոպական ուխտի սկզբունքներուն եւ անոր արդիւնաւէտ կիրարկումը:
«Այսօր բաւարար չէ միայն արձանագրել եղած հարցերն ու խնդիրները, այդ մասին զեկուցել ինծի, վարչապետին կամ տարածքային կառավարման նախարարին: Այդ գործառոյթին մէկ մասը յաջողութեամբ կ՛իրականացնեն լրատուամիջոցները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները: Ակնյայտ է, որ մեր քաղաքացիներուն սպասելիքները աւելին են, եւ անոնք, որոնք չեն կրնար գտնել իրենց համաքաղաքացիներուն եւ համագիւղացիներուն առօրեայ հարցերուն պատասխանները, պարզապէս կը վատնեն համայնքի բնակիչներուն վստահութեան քուէն»:
Տեղական ինքնակառավարման համակարգի ձեւաւորման 20-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան: Նախարարը նախ շնորհաւորեց ներկաները տեղական ինքնակառավարման համակարգի ձեւաւորման 20-ամեակին առիթով, ապա նշեց, որ յետադարձ ակնարկ նետելով, կարելի է տեսնել, որ տեղական ինքնակառավարման համակարգը կրցած է ձեւաւորուիլ եւ կայանալ:
«Պէտք է փաստել, որ դեռ շատ ընելիքներ կան, բայց համակարգի ձեռքբերումներն ալ շօշափելի են», ըսաւ Լոքեան:
Նախարարը ըսաւ, որ տակաւին զգալի մաս կը կազմեն մասնատուած եւ մարդկային, ֆինանսական եւ այլ սահմանափակ ներուժով համայնքները եւ այդ համայնքներուն մէջ դժուար է իրականացնել տեղական ինքնակառավարման գլխաւոր նպատակը` համայնքային նշանակութեան հանրային խնդիրներու անհրաժեշտ մակարդակով լուծում տալը: Լոքեան շեշտեց նաեւ, որ տեղական ինքնակառավարման համակարգի կարեւորագոյն` աւագանիի հաստատութիւնը նոյնպէս կայանալու ճամբուն վրայ է, եւ բազմաթիւ են համայնքները, ուր աւագանիի անդամներու մրցապայքարը հետաքրքրութիւն չի յառաջացներ, բայց այդ առումով բացառութիւն կը կազմեն մեծ համայնքները:
Նախարարին խօսքով` լաւ է, որ Երեւանի, այս տարուընէ նաեւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի համայնքներու ընտրութիւններուն ընթացքին կը կիրարկուի աւագանիի անդամներու ընտրութեան համամասնական ընտրակարգը, եւ աւագանիի հիմնարկի կայացման ապագան` համայնքներու խոշորացման զուգընթաց համամասնական ընտրակարգի անցումն է, որուն արդիւնքով կ՛աճի մրցակցութիւնը եւ կառավարման պատասխանատուութիւնը», եզրափակած է նախարար Դ. Լոքեան: