Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մարաթոնը Միացուց Հազարաւորներ. Հարիրի. «Լիբանանը Շատ Լաւ Վիճակի Մէջ Է»

November 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bm-1_111316

Երէկ առաւօտեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ  տարեկան բարեգործական մարզական ձեռնարկը` Մարաթոն Պէյրութը, աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ Լիբանանէն հազարաւոր անձերու մասնակցութեամբ:

hariri-marathon_111316

Մարաթոնը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, կը ներառէր 11 մրցումներ` չափահասներու, կիներու, ուսանողներու, երեխաներու (ծնողներու ընկերակցութեամբ) եւ յատուկ կարիք ունեցող անհատներու:

bm-5_111316

Անշուշտ մրցումներուն գագաթնակէտը միջազգայնօրէն ճշդուած եւ արտօնուած 42 քիլոմեթր վազքն էր, որ սկսաւ Պէյրութի նոր կառուցուած ծովեզերքէն եւ աւարտեցաւ Պէյրութի  Նահատակաց հրապարակին մէջ` անցնելով զանազան փողոցներէ եւ շրջաններէ` Ռաուշէ, Համրա, Պուրճ Համուտ, Ժտէյտէ, Տըպպայէ եւ Մար Մխայէլ:

Քենիացի Քիպեթ Քիպթու նուաճեց 42 քիլոմեթր մրցումը, իսկ յորդանանցի Ահմեթ Սումար` 21 քիլոմեթր մրցումը:

Լիբանանն ու ՀՄԸՄ-ը ներկայացնող վեթերան մարզիկ Լեւոն Թաշճեան հանդիսացաւ առաջին լիբանանցին իր տարիքային խումբին մէջ` վեցերորդ դիրքը գրաւելով ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Շիրին Նժէյմ հանդիսացաւ լիբանանցի առաջին կինը 42 քիլոմեթր վազքին մէջ` չորրորդ դիրքը գրաւելով կիներու ընդհանուր ընտրանիին մէջ:

Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի մասնակցեցաւ 7 քիլոմեթրնոց ժամանց-զուարճանքի մրցումին` մասնակիցներուն շնորհելով ինքնանկարներ (սելֆի): Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի ըսաւ, թէ Լիբանանի վիճակը շատ լաւ է եւ պէտք է դէպի «ապագայ նայիլ»:

Զովացուցիչներու տաղաւարներ, շտապ օգնութեան կամաւորներ եւ ոստիկաններ տարածուած էին փողոցներուն մէջ, ուրկէ կ՛անցնէին վազողները: Զանազան ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ, համալսարաններ եւ այլ հիմնարկներ ներկայացուած էին մասնակցողներով` տեղադրելով իրենց տաղաւարները եւ քաջալերելով մասնակիցները:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր պաշտօնատարներով, ոստիկաններով եւ աշխատաւորներով բծախնդիր աշխատանք տարաւ` Պուրճ Համուտի փողոցներէն անցնող մարզիկներուն հեւքը մեղմացնելու համար:

Թէեւ մրցումի վազքուղիին ճամբաներուն փակ ըլլալուն պատճառով անտանելի խճողում յառաջացաւ այլ վայրերու մէջ, սակայն ընդհանուր առմամբ պէտք է ընդունիլ, որ այսպիսի ձեռնարկներ եւ գործունէութիւն որոշ եռանդ կու տան տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններու տակ կքած քաղաքայիններուն…

bm-4_111316

bm-3_111316

 

 

 

 

 

 

bm-6_111316

bm-7_111316

 

 

 

 

 

 

 

bm-9_111316

bm-8_111316

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Ահլի Սայտա` 4-2

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.