Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեանը` Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հիմնադրամին Մասին. «Պէտք Է Նաեւ Յետադարձ Ուժ Ունենալու Հարցերը Լուծուին»

Նոյեմբեր 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_111516

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 15 նոյեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով բանակին համար հիմնադրամ ստեղծելու հարցին, նշած է, որ, իր կարծիքով, պէտք էր հանրութեան քիչ մը աւելի լաւ ներկայացնել գաղափարը, որ այսպիսի յանպատրաստից չըլլար ամէն բան, եւ ժողովուրդի մէկ մասին կողմէ դժգոհութիւն չյառաջանար: Ըստ անոր, նպատակը, գաղափարը շատ ճիշդ է:

«Մեր ներուժը նկատի ունենալով` այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ պէտք է նոր հասկացողութեան վրայ կառուցենք մեր բանակաշինութիւնը եւ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, որ ներդրուած է, եւ հայեցակարգը ամրագրուած է նաեւ կառավարութեան ծրագիրին մէջ, կ՛ենթադրուի ազգովին  պաշտպանական խնդիրներու լուծում», յայտնած է պատգամաւորը:

Ըստ անոր, ասիկա ազգային տուրքի գաղափար է, խորհրդանշական գումար է, որով կը մասնակցիս պաշտպանական հարցերուն:

«Պէտք է իսկապէս ցոյց տանք, որ մենք ազգ-բանակ ենք, այլ տարբերակ չունինք, որովհետեւ երբ չես կերակրեր քու բանակդ, ստիպուած կ՛ըլլաս  կերակրելու օտարին բանակը», շեշտած է Ռուստամեան:

Ան նշած է, որ իրենք կ՛ընկալեն բոլոր այն հարցադրումները, որոնք կը միտին գաղափարը աւելի լաւ ու ճիշդ դարձնել: «Գաղափարը պիտի չկործանուի, գաղափարը պէտք է պահպանել, եւ անոնք, որոնք կը  մտածեն` գաղափարը պէտք է պահպանել, անոնց հետ խնդիր ունինք` նստինք, քննարկենք` յստակ թիւերու վերաբերեալ, արդեօք համաչափութիւնը, համամասնութիւնը ճի՞շդ է: Պէտք է մարդոց եկամուտներուն համապատասխանեցուի անոնց ներդրումը, բայց որ այդ ներդրումը պիտի ըլլայ` մէկ դրամ, տասը դրամ, թէ` հազար դրամ, ես կասկած չունիմ, որովհետեւ ատիկա պարտադիր է, անհրաժեշտ է», ընդգծած է պատգամաւորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ճիշդ կը նկատէ՞ այն մօտեցումը, որ պէտք է 28 յունուարէն գործողութեան մէջ մտնեն հիմնադրամի գումարները, Ռուստամեան արձագանգած է. «Ատիկա  ուրիշ բան է: Անոնք, որոնք գաղափարը կ՛ընդունին, այդ ընդունողներէն բխած առաջարկները մեզի համար հասկնալի են: Այո՛, կը կարծեմ, որ պէտք է նաեւ հարցերը լուծելու յետադարձ ուժ ունենալ: Այսինքն` հարցեր կան, որոնք յղկումի կարիքը ունին, անոր անհրաժեշտութիւնը կայ: Կարգ մը խնդիրներ, որոնք յղկուելու կարիք ունին, աւելի արդար միջավայր ձեւաւորելու կարիք ունին, այդ բոլոր առաջարկները մենք կ՛ողջունենք: ՀՅԴ-ն ալ կը մշակէ իր առաջարկները, շուտով կը հրապարակենք»:

Ռուստամեանի համաձայն, այս հիմնադրամին ստեղծումը չի փոխարիներ պետութեան գործունէութիւնը: «Պետութիւնը պիտի շարունակէ իր գործը կատարել, բայց մենք պէտք է հասկնանք, որ ազգ ենք, մէկ բանակ ունինք եւ այդ` մէկ ազգ, մէկ բանակ հասկացողութիւնը մենք չենք յօրինած: Բոլոր` մեր պայմաններուն մէջ գտնուող պետութիւնները այս քայլով իրենց պաշտպանութիւնը ձեւաւորած եւ ամրապնդած են: Այսպիսով կը հասկցնենք մեր թշնամիին, որ այստեղ միասնութիւն կայ», ըսած է ան:

Ռուստամեան կ՛ընդունի բոլոր քննադատութիւնները, որոնք հիմնաւորեալ են, բայց ճիշդ չի նկատեր այն, որ ամէն լաւ գաղափար պէտք է քարկոծել: «Ազգ-բանակ գաղափարն ալ սկսաւ քննադատուիլ: Այսինքն` մենք եթէ մէկը չենք ըներ, ուրեմն այլ ճիշդ քայլ ալ չընե՞նք: Պէտք է գտնել այն զօրավարներն ալ, որոնք, ըստ ձեզի, ապօրինի կերպով հարստացած են: Կառավարութիւնը իր սեղանին վրայ դրած է հարցը` ապօրինի հարստացումը քրէականացնելու: Այս հոլովոյթները սկսած են, ուրեմն մէկը միւսին ինչո՞ւ պիտի խանգարէ: Քննադատութիւնը  կ՛ընդունիմ այն մասով, որ վստահութիւն չկայ, անոր դէմ պէտք է պայքարինք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մեր ձեռքերը պէտք է ծալենք, նստինք: Բոլոր խնդիրները պէտք է լուծենք, յետո՞յ սկսինք ինչ որ բան ընել, պէտք է միասին ընել», ըսած է պատգամաւորը:

Խօսելով հիմնադրամին կամաւոր սկզբունքով գումար յատկացնելու մասին` Ռուստամեան հաստատած է. «Ծառայե՞լն ալ կամաւոր ըլլայ, հանե՞նք պարտադիր ծառայութիւնը, կամաւոր` ով կ՛ուզէ կ՛երթայ: Այդպէս ազգը կը վերանայ, մենք չենք պատկերացներ մեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրներու ծանրութիւնը: Բաներ կան, որոնք պէտք է պարտադիր ըլլան, որոնք պէտք է զանգուածային դառնան, բայց ամէն մէկը` իր չափով»:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ ինք որքա՞ն գումար պիտի փոխանցէ. պատգամաւորը պատասխանած է. «Մեր ամբողջ խմբակցութիւնը ամէն ամիս 5 առ հարիւր կը յատկացնէ բանակին` նոյնիսկ ապրիլէն ալ առաջ»:

Նախորդը

Շթայնմայերի Հետ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. Չաւուշօղլու Քննադատած Է Պունտըսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Յաջորդը

Մեսսի Չ՛աճապարեր Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?