Առ ի գիտութիւն կու գանք տեղեկացնելու, որ նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատուներուն պարզած պատկերը եւ զանոնք բարեկարգելու առաջադրանքով Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական յաջորդական ժողովներու կողմէ կատարուած թելադրութիւնները, Ազգային վարչութիւնը որոշեց հանգրուանային կերպով զոյգ գերեզմանատուներուն մէջ իրականացնել ճշդուած բարեզարդումներու ծրագիրներ, որոնց մանրամասնութիւնները կը փոխանցուին յառաջիկային:
Այս ծիրին մէջ, առաջին աշխատանքը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մայր դարպասի մուտքի ճամբու ընդարձակման աշխատանքը, որ ընթացք առաւ երէկ` երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն: Նշեալ աշխատանքը կ՛իրականացուի գործակցութեամբ Տըքուենիի քաղաքապետական խորհուրդին, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ մասնակից դառնալու յառաջիկային կատարուելիք յաւելեալ աշխատանքներուն, որոնց շարքին են ցանկապատերու վերանորոգումը, մայթերու սալայատակումը եւ ընդհանուր մաքրութիւնը:
Յայտնենք, որ գերեզմանատուներու բարեկարգման համար Ազգային վարչութիւնը յառաջացուցած է մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ մօտէն կը զբաղի նշեալ աշխատանքներով: