Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 121-րդ Լսարան. «Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը

Նոյեմբեր 18, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

mamlo-lsaran_111716

Երէկ` հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ես Վերադաձել եմ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի ծննդեան 175-ամեակին եւ ժապաւէնի հեղինակ` հայրենի գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ պատրաստուած, մեծանուն մտաւորականին նուիրուած եռահատորին:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց հայրենի գրականագէտը եւ անոր աշխատութիւնը:

arthur-antranikian_111716Ձեռնարկին սկիզբը դոկտ. Անդրանիկեան ներկայացուց արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի նուիրուած եռահատորը, որուն ընդմէջէն հեղինակը հանրութեան կը ներկայացնէ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած հանճարեղ մտաւորականին իւրայատկութիւնները, քննական միտքը, իմաստասիրական ու փիլիսոփայական կարողութիւնները եւ մանկավարժական բացառիկ հմտութիւնները: Հայրենի գրականագէտը նաեւ անդրադարձաւ Մուրատեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն եւ իւրայատուկ ոճին, որոնք մինչեւ օրս հաճելի կը նկատուին ընթերցողներուն կողմէ: Հեղինակը յատուկ կերպով անդրադարձաւ երրորդ հատորին մէկ կարեւոր բաժինին, ուր կը ներկայացուի Մուրատեանի աշխատանքը` «Քննական պատմութիւն Արշակ երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն»: Ըստ հեղինակին, պատմութեան դասաւանդութեան մէջ բաւական նսեմացուցած ենք Արշակ Բ. եւ Պապ թագաւորներու վաստակը, եւ վերոյիշեալ գործին մէջ Մուրատեան ճշգրիտ ու քննական ձեւով ուսումնասիրած է այդ ժամանակաշրջանը:

Եռահատորին ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ «Ես վերադաձել եմ» ժապաւէնը, որ պատրաստուած է դոկտ. Անդրանիկեանի կողմէ: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ արեւմտահայ մտաւորականութեան հանճարներէն Եղիազար Մուրատեանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ հայրենի հայագէտներէ եւ գրականագէտներէ: Ժապաւէնին ընդմէջէն հանրութեան կը ներկայացուին յիշողութեան արժանի մտաւորականին հմտութիւնները, անոր ֆրանսերէնին տիրապետելու պարագան, միջազգային գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ծանօթ ըլլալու իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր քննադատական բացառիկ կարողութիւնները:

Ձեռնարկին աւարտին ուղղուած հարցումներէն մեկնելով` դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինք ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ ձեռք բերած է աղբիւրները` պատրաստելու համար եռահատորը, եւ թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւններէ անցած է այս ուսումնասիրութեան ընթացքին:

Նախորդը

Համազգայինի Միաւորներու Միջվարչական Հանդիպում

Յաջորդը

Նշմար. Մեր Խոցելի Մարդասիրութիւնն Ու Մարդկայնականութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?