Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ ՕԹԱՆ-ի Կեդրոն

November 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nato_111316

11 նոյեմբերին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան եւ համագործակցային անվտանգութեան կոմիտէ- Հայաստան ձեւաչափով նիստը, որուն կը նախագահէր Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան: Նիստին ընթացքին  քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-ՕԹԱՆ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի 2015-2016-ի  գնահատման զեկուցումը:

Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Յովակիմեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-ՕԹԱՆ քաղաքական երկխօսութեան եւ տարբեր մարզերու մէջ գործընկերային համագործակցութեան, վերահաստատած Հայաստանի յանձնառութիւնը` 2017-ին շարունակելու հայ խաղաղապահներու մասնակցութիւնը Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի խաղաղութեան հաստատման առաքելութիւններուն: Աշոտ Յովակիմեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները, 2017-ին  խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է այս տարի իրականացուած Պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման հիմնական արդիւնքները, կարեւոր նկատած է զինուորական համագործակցութեան, պաշտպանական կրթութեան եւ բարեփոխումներու մարզերուն մէջ առկայ միացեալ ծրագիրներու  եւ ձեւաչափերու հետագայ զարգացումը:

Նիստի մասնակիցներուն խնդրանքով հայկական կողմը ներկայացուցած է նաեւ Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը, ապրիլ ամսուան սկիզբը Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն հետեւանքները եւ զանոնք յաղթահարելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններուն ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ բարձր գնահատած են բոլոր մարզերուն մէջ Հայաստանի համագործակցութիւնը դաշինքին  հետ: Ժողովականները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Աշոտ Յովակիմեան եւ Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանած են նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու  ներկայացուցիչներու բազմաթիւ հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Թրքական Լրատուամիջոցներ Դարձեալ Թիրախ Կը Դարձնեն Կարօ Փայլանը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.