Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու Խորհրդաժողով

November 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bm_111016

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 10-12 նոյեմբեր 2016-ին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմիններու համահայկական խորհրդաժողով` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի Հիւսիսային եւ Հարաւային շրջաններու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Արցախի եւ Հայաստանի վարիչ մարմիններու 27 ներկայացուցիչներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, որ կարեւոր նկատեց նոր սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութիւնը` շեշտը դնելով դաստիարակչական միասնական ծրագիրի մշակման եւ հմուտ ու բանիմաց վարիչներու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Եռօրեայ քննարկումներուն ընթացքին խորհրդաժողովի մասնակիցները նախ ունկնդրեցին շրջաններու պատանեկան միութիւններու իրավիճակին, տարուած աշխատանքներուն եւ դժուարութիւններուն վերաբերող զեկուցումներ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան քննարկումներ առկայ ընդհանուր իրավիճակին, կազմակերպական ու մեթոտական հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ, եւ համապատասխան վերլուծութիւններուն իբրեւ հետեւանք հնչեցին բազմաթիւ տեսակէտներ ու առաջարկներ պատանեկան միութիւններուն առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ:

Խորհրդաժողովը ընդգծեց միութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ միասնական ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան կարեւորութիւնը: Առաջարկուեցաւ կազմակերպել վարիչներու պատրաստութեան դպրոց, պատանեկան համահայկական բանակում եւ աւելի յաճախակի դարձնել նմանատիպ խորհրդաժողովներու գումարումը` միտքեր ու փորձառութիւններ փոխանակելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու նպատակով:

Յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան կազմակերպական կարողութիւններու հզօրացման եւ այդ նպատակով ուժերու կեդրոնացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Ձեւաւորուեցան շարք մը մեքանիզմներ, որոնց գործարկումը կարելիութիւն պիտի տայ խթանելու միութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնն ու փոխօգնութիւնը, բարելաւելու պատանեկան միութիւններու կազմակերպական մակարդակը եւ խորացնելու դաստիարակչական աշխատանքներուն ազդեցութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Խորհրդաժողովը կայացաւ գործնական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Թրքական Օդուժը Գործողութեան Սկսած Է Պապի Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Յանձնաժողով. «Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ապրիլեան Բախումներուն Ընթացքին Թուրքիան Բացայայտօրէն Աջակցած Է Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.