ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթ օր «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արագ ընթացքը չի նշանակեր, որ պէտք է աճապարել` նախարարաց խորհուրդը կազմելու իմաստով:
«Անշուշտ անկարելի չէ, որ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կազմուի, սակայն որոշ դժուարութիւններ կան, եւ պէտք չէ գրաւ դնել անպայման Անկախութեան տօնէն առաջ կառավարութեան կազմուած ըլլալուն առումով: 1992-էն ի վեր չկայ կառավարութիւն մը, որ նուազագոյնը երկու- երեք շաբաթէն առաջ կազմուած է` հասնելով մինչեւ վերջին կառավարութիւնը, որուն կազմութիւնը 315 օր տեւեց: Անշուշտ նոր կառավարութեան կարիքը կայ, սակայն նոր կազմը պէտք չէ ճնշումի տակ գոյացնել», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կարելի չըլլայ կազմել, ատիկա չի նշանակեր, որ նոր իշխանութեան մեկնարկը ձախողած է:
«Թէեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ լրատուամիջոցներն ու մամուլը լուսարձակի տակ կ՛առնեն կառավարութեան կազմութեան դրական եւ լաւատեսական հոլովոյթը, սակայն, իրականութեան մէջ արդէն իսկ յստակ է, թէ նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած համաձայնութիւններու հիման վրայ կատարուած չէ: Քաղաքական համագործակցութեան եւ իշխանութեան մասնակցելու առումով յաւելեալ լուսանցքի իմաստով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւններ կան, սակայն շօշափելի նախարարութիւններու եւ նախարարի թեկնածուներու մասին համաձայնութիւններ չկան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, թէ բնական է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սկիզբը պահանջներու առաստաղը բարձրացուի, «սակայն ի վերջոյ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը լուրջ ճիգ կ՛ենթադրէ եւ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր կողմ իր իսկական կշիռով ներկայացուի: Կարեւորագոյնը կը մնայ երկրին քաղաքական բաղադրիչները պարփակող ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Պատասխանելով կառավարութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մասնակցութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց այդ կուսակցութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով, որ անիկա կը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը: «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կարգախօսը ոչ միայն ներկայիս, այլեւ 26 տարիներէ ի վեր, այս կամ այն քաղաքական կողմը ջնջելու դէմ եղած է», յայտնեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց ընդդիմութիւնը կառավարութեան դէմ է եւ ոչ թէ նախագահ Աունի:
Նախարարութիւններու հերթափոխութեան, ինչպէս նաեւ ուժային եւ ոչ ուժային նախարարութիւններու գոյութեան մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան կազմութեան ընթացքին շեշտուեցաւ, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին ուժային եւ ոչ ուժային նախարարութիւններու քաղաքական հերետիկոսութեան, ինչպէս նաեւ որոշ համայնքներու իրաւունքին վերագրուող նախարարութիւններու գոյութեան վերջ պիտի տրուի: Բոլոր նախարարութիւնները բոլոր համայնքներուն պատկանելու միտքը յառաջ քշողը եղաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր կեցուածքը արժանացաւ քաղաքական շարք մը ուժերու դրուատիքին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ արդէն ժամանակն է սահմանադրութեան կառչած մնալու: «Լիբանանեան նոր իշխանութեան փուլին առաջին օրէն իսկ սահմանադրութենէն անշեղ մնալու տեսակէտ պէտք է ըլլայ, այլապէս` առաջին օրէն իսկ համաձայնութիւններ պիտի ըլլան եւ նոյն ընթացքով պիտի շարունակուի: Հետեւաբար լաւ է, որ այս կառավարութիւնը ըլլայ սահմանադրութեան իսկական գործադրութեան սկիզբը», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի խստիւ քննադատեց այն միտքը, որ ծառայութիւններու եւ ուժային նախարարութիւնները ճշդելու ընթացքին համայնքներու միջեւ խտրութիւն դրուի: «Օրինակի համար, լիբանանահայութիւնը ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը եւ նախարար Արթիւր Նազարեան ամէնէն պարկեշտ եւ արժանապատիւ նախարարներէն է: Իսկ եթէ հարց պիտի տրուի, թէ այդ նախարարութիւնը ինչպէ՛ս ծառայած է լիբանանահայութեան եւ թէ որքա՛ն հայ պաշտօնեայ կայ նախարարութեան մէջ, մենք ճակատաբաց կ՛ըսենք` երկու կամ երեք, որովհետեւ ի վերջոյ օրէնքներ եւ կարգ- կանոն կայ, որոնց գործադրութիւնը առաջնահերթ է, յատկապէս այնպիսի փուլի մը ընթացքին, երբ հանրապետութեան նախագահը օրէնքի գործադրութեան անձնաւորութիւն է, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի մտասեւեռում ունեցող ղեկավար: Հետեւաբար մենք համոզուած ենք, որ այս կառավարութիւնը կազմուի ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, եւ առիթ չտրուի, որ անիկա ներկայիս որեւէ կերպով կազմուի եւ քանի մը ամիս ետք` երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն վերապահուի այս սկզբունքներուն գործադրութիւնը», շեշտեց ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պահանջներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք դիւրացնել նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք մեր իրաւունքներէն պիտի զիջինք: Մեզի համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը ճշգրիտ կերպով ներկայացուի կառավարութեան մէջ: Այսինքն` 30 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մէջ ըլլան հայ առաքելական համայնքին պատկանող երկու նախարարներ: Նկատի ունենալով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը, մենք կրնանք դժուարացնել կառավարութեան կազմութեան ընթացքը եւ պահանջել երկու նախարարներ, սակայն նկատի ունենալով նաեւ այն իրականութիւնը, որ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեք հայ երեսփոխաններ գոյութիւն ունին, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքին մէջ` մէկ հայ երեսփոխան, ապա մենք հարց չունինք, որ մենք միայն մէկ նախարար ճշդենք, իսկ միւս լիբանանահայ նախարարը ճշդուի վարչապետին կողմէ»:
Ընտրական նոր օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը խորհրդարանին մէջ ճշգրտօրէն եւ արդարօրէն ներկայացուի:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով մենք կը սերտենք դաշինքներու կարելիութիւնը: Կան դաշնակիցներ, որոնք հաստատ են եւ որոնց հետ ցարդ հարց չենք ունեցած: Անոնցմէ են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ երեսփոխան Միշել Մըրը` Մեթնի մէջ: Պէյրութի մէջ մեր դաշնակիցը Ազգային ազատ հոսանքն է, իսկ Պէյրութ 2-ի մէջ` Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքը պէտք է ըլլայ ամբողջական, այսինքն` սկսեալ Զահլէէն, հասնելով Պէյրութ եւ ապա Մեթն:
«Մեթնի պարագային ուղղութիւնը կ՛երթայ համախոհական ընտրական ցանկերու գոյութեան, որովհետեւ Մեթնը ընդարձակ է եւ կրնայ ընդգրկել բոլորը: Այս է մեր տեսակէտը եւ կը մնայ տեսնել, թէ քաղաքական միւս ուժերը ինչպէ՛ս կը վերաբերին մեզի հետ դաշնակցելու սկզբունքին, որովհետեւ ընտրաշրջանի մը մէջ գոյացած դաշինքը չի կրնար այլ ընտրաշրջանի մը պարագային խզուիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ այլ ընտրաշրջաններու այդ ուժերը լիբանանահայ թեկնածուներ առաջադրելու իմաստով պիտի չգործակցին ՀՅԴ-ին հետ, ապա անոնց հետ ընտրական դաշինք ընդհանրապէս գոյութիւն չի կրնար ունենալ:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ թէեւ ընտրական նոր օրէնքի նշոյլն իսկ չկայ, սակայն ընտրական նոր օրէնքի մը գոյութիւնը չեն մերժեր, «պայմանաւ որ ընտրաշրջանները յստականան: Ճի՛շդ է, որ համամասնական դրութիւնը ժողովրդավարութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով յառաջացած փուլ մըն է, սակայն կարեւորը ընտրաշրջաններու բաժանումն է», ընդգծեց ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վերջին երեք կամ չորս տասնամեակները կը փաստեն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն փոփոխութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան եւ ամերիկեան նպատակներուն ու սկզբունքներուն վրայ ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի, Ծոցի երկիրներու եւ Եւրոպայի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան: «Հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը` Տանըլտ Թրամփ լաւագոյն եւ անկեղծ օրինակն է` ամերիկեան քաղաքականութեան իբրեւ ներկայացուցիչ` նկատի ունենալով ժողովրդային զանգուածներու մօտ ցուցաբերուած յուսախաբութիւնը նախորդ նախագահներուն նկատմամբ», շեշտեց ան:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ամերիկահայութիւնը ազատ ձգուած էր իր կամքին` ի նպաստ Տանըլտ Թրամփի թէ Հիլըրի Քլինթընի քուէարկելու իմաստով: